image

Եէմէնի «Հուսիներ»ը գրոհ կազմակերպած են Իսրայէլի ուղղութեամբ

Եէմէնի «Հուսիներ»ը գրոհ կազմակերպած են Իսրայէլի ուղղութեամբ

Հիւսիսային Եմէնի մէջ իշխող «Անսար Ալլահ» շարժումը պնդած է, որ Իսրայէլի վրայ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակման հետեւանքով յաջողած են քանի մը ժամով դադրեցնել Իսրայէլի տարածքին մէջ օդային հաղորդակցութիւնը։

Ինչպէս «Ալ Մասիրա» հեռուստաալիքի եթերին յայտարարած է շարժման ներկայացուցիչ Եահեա ալ-Սարիան, Եմէնի զինուած ուժերը ԱԹՍ-ներով հարուածներ հասցուցած են Իսրայէլի մէջ քանի մը թիրախի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով օդային հաղորդակցութիւնը եւ ռազմակայաններու ու օդակայաններու տարածքին մէջ տեղաշարժը դադրած է։

Եահեա ալ-Սարիան ընդգծած է, որ Եմէնի զինուած ուժերը «պիտի շարունակեն աւելի լաւ ռազմական գործողութիւններ իրականացնել ճնշուած Պաղեստինի ժողովուրդի յաղթանակի համար»։ Ան նաեւ նշած է, որ իրենք պիտի շարունակեն այս կերպ, քանի դեռ չէ աւարտած Կազայի մէջ պաղեստինցիներու դէմ Իսրայէլի դաժան յարձակումը։