Էդգար Յունանեանն ազատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու հրամանատարի պաշտօնէն։ Հրամանագիրը ստորագրած է Հայաստանի նախագահը։
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 133-րդ յօդուածի 1-ին մասի, ինչպէս նաեւ «Սահմանապահ զօրքերի մասին» օրէնքի 4.1-ին յօդուածի 1-ին մասի. Էդգար Յունանեանին ազատել Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերի հրամանատարի պաշտօնից»,-ըսուած է հրամանագրին մէջ:
Էդգար Յունանեանն ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու հրամանատար նշանակուած էր 2024-ի յուլիսին։