image

Ձուկին փոխարէն

Ձուկին փոխարէն

Սիրելի՛ բարեկամներ,

     Այսօրուան ընթերցումի համար  ընտրեցի  գրական  գոհար մը, որ կը պատկանի մեր նահատակ գրողներէն Երուխանին (Երուանդ Սրմաքեշխանլեան) եւ կը կոչուի «Ձուկին փոխարէն», որ շնորհալի  իրագործում մըն է ձեւի, բովան-դակութեան եւ հոգեբանական կառոյցի  առումներով:

     Յառաջաիկայ կիրակի կը շարունակենք  «Ընթերցումներս» շարքը՝ սկսելով

նոր գլուխ մը:

     Բարի վայելում:

     Ողջ մնաք:

Արմենակ Եղիայեան

Ձուկին փոխարէն

 

Խենթուկ, շուտիկ տղայ մըն էր Համբիկ, տասնեօթը-տասնինը տարու, աչքը փողոցներուն մեջ բացած, մանրանկարը ապագայ այն մեծ սրիկային, որ կա՛մ ջրհանին ետեւեն պիտի վազէ՝ խարազանը ձեռքը, կա՛մ հրապարակներու վրայ իր խռպոտ ահագին ձայնով ձուկ պիտի ծախէ։ Մայրը, որ լուացարարուհին էր նաւամատոյցի բեռնակիրներուն, մինչեւ երկու տարի մեծցուցած էր զայն լուացարանին մեջ՝ չոր հաց մը ձեռքը տուած, զոր մանուկը կը կրծէր առտուընէ մինչեւ իրիկուն՝ ճղճղալով-ճնճնալով։ Յետոյ որովհետեւ մայրը օրին մէկը շնչահեղձ եղած էր խամ ածուխի մուխէ, եւ հայրն ալ, որ ձկնորս էր, ծովը ինկած էր ու խեղդուած, Համբիկ գրեթէ անտէր մնաց ու վեց տարեկանէն անդին փողոցներուն մեջ սկսաւ թափառիլ՝ գիշերները հազիւ պառկելու տեղ մը գտնելով ու ցերեկին ալ հազիւ կտոր մը հաց։ Այս տաժանելի կենցաղը չէր մեռցուցած զայն, ընդհակառակը հուժկու մարմին մը եւ աննկուն հոգի մը պատրաստած էր։

Որովհետեւ երջանկութեան եւ հեշտակեցութեան վրայ գաղափար չունէր, իր հիմակուան վարած կեանքը աշխարհի երջանկագոյնը կը կարծէր։ Առտուընե մինչեւ իրիկուն փողոցները կը շրջէր՝ պատահական ծառայութիւններ ընելով, ջուր կրելով տուները, բեռներ տանելով ասդին-անդին եւ այլ մանր-մունր գործեր ընելով, որոնցմէ ձեռք ձգած ստակին մէկ մասը իր ապրուստին կը գործածէր ու միւս մասն ալ ապահով տեղ մը կը պահէր՝ ապագային աւելի շահաբեր գործով մը զբաղելու դիտումով։ Իր աշխուժութեամբն ու յանդգնությամբը ամէնուն համակրանքըկը գրաւէր։ Շատ անգամ, երբ ուրիշ զբաղում չունենար, նաւամատոյց կը վազէր ու շոգենաւէն ելլողներէն ոմանց բեռները շալկելով տուն կը տանէր։

Քիչ-շատ հարուստ թաղի մը մեջ հաստատած էր իր գործերուն գլխաւոր կեդրոնը. պարապու ժամերուն, իբր կատարեալ ստամբակ մը, կատակաբա-նություններով, թռչունի և կենդանիներու ձայնի նմանութիւններով կը զուարճաց-նէր թաղեցիները, մանաւանդ դպրոց գացող փոքր աղջիկները, որոնք գրեթէ ամէն իրիկուն անոր շուրջը կը խռնուէին ու կըսեին.

Հայտէ՜, Համբի՜կ, կատուի թախլիթ մը ըրէ մեզի։

Այն ատեն ստամբակը կը սկսէր կատուներու ճշմարիտ պայքար մը, որ միշտ կը վերջանար արուին, այսինքն՝ ի՛ր փախուստովը։ Մանկուհիներուն ճլուըտուքը հաճոյք կը պատճառէր չարաճճի տղուն։ Ինք, որ բնաւ գիտակցութիւն չունէր ո՛չ ծնողքի, ո՛չ քրոջ, ո՛չ որևէ սրտակիցի գորովի վրայ, այն գաղտնի զօրութիւնէն մղուած, որ ամէն մարդու սրտին խորը կապրի ու պատեհ առիթով դուրս կը պոռթկայ, Համբիկ անգիտակցաբար համակրանք մը, սէր մը գրեթէ կը զգար այդ փոքրիկ անմեղուկ արարածներուն համար, ու ա՛լ անդիմադրելի պէտք մը եղած էր իրեն անոնց պչրական շատախօսութիւնները լսել ու գոհացնել անոնց  տղայական բոլոր պահանջումները։

*   *   *

Օր մը, իրիկուան դէմ, նաւամատոյց իջած էր իր սովորութեան համեմատ բեռ փոխադրելու։ Շոգենաւը մօտենալուն պես խումբ մը բոկոտն տղաներ, որոնք հոն կը սպասէին, ակնդէտ, սովալլուկ գայլերու պէս կը թափին շոգենաւէն դուրս ելլողներուն վրայ, իրարմէ յափշտակելով անոնց ձեռքը գտնուած բեռները։ Համբիկ այս մասին բացառիկ ճարպկութիւն մը կը ցուցնէր, ամէնէն «եաղլի մուշթերիին» ձեռքի բեռն առնելով մինչեւ անոր տունը կը տանէր։ Արդ, այն իրիկունը, շոգենաւը մօտենալուն, բեռնակիրները արդէն կը սպասէին դուրս ելլողներուն մեջ երեւցաւ շքեղօրեն հագնուած օրիորդ մը,  որ ձեռքը բռնած երկու խոշոր ծրարները երկնցուց Համբիկին, որ առաւ զանոնք, անգամ մը աղջկանը երեսը նայեցաւ, եւ յետոյ հարցուց, թէ ո՛ւր պիտի տանէր ծրարներըմանկամարդ աղջիկը թրթռունու ներդաշնակ ձայնով մը, որուն մէջ տիրական շեշտ մը կար, ըսաւ

Ետեւէ՛ս եկուր։

Համբիկ բազուկներուն տակ զետեղեց ծրարներն ու հետեւեցաւ մանկամարդ աղջկան՝ քիչ մը խռոված անոր մեծաշուք կերպարանքէն ու անուշ բուրումներէն, որոնք  կը սփռուէին անոր ամբողջ անձէն։ Մինչեւ այն ատեն ասանկ բաներ չէր զգացած շրջազգեստին շրշիւնը, մանրիկ ոտքերուն խրոխտ կոխուածքը քարայատակին վրայ, դեղնագոյն ժանեակով եզերուած հովանոցին նազելական ճօճումը եւ մանաւանդ ծոծրակին սպիտակ միսը, որ կերեւար օձիքին եռանկիւնի ճեղքէն, բոլորովին կը գինովցնեին փողոցի այդ ստամբակըզգացած հաճոյքը այնքան բուռն եղաւ, որ կը փափաքէր, որ ճամբան անհունապէս երկար ըլլար՝ յաւիտենապէս վայելելու համար այդ քաղցր երանութիւնը: Մինչեւ այն ատեն իրեն անծանօթ երազանքներ խառն ի խուռն կը խուժէին միտքին մէջ, կը գգուէին իր թաքուն զգայնութիւնները: Ու կը հետեւէր այդ մտացածին էակին, զգլխիչ  բոյրերով առլի մթնոլորտի մը մէջէն ինքնաբերաբար քալելով, կարծես լիաթոք ծծելով իր ռնգունքները շոյող այդ խելայեղիչ   հոսանուտը։

Մանկամարդ աղջիկը մէկէն կանգ առաւ դռան մը առջև ու դառնալով Համբիկին՝

Տղա՛յ, ըսաւ՝ առանց անոր երեսը նայելու, հո՛ս ձգէ եւ գնա՛։

Եւ քառասուննոց մը դրաւ ստամբակին ձեռքը։

Համբիկ վրան անգամ չնայեցաւ ստակին անախորժ յուսախաբութիւն մը կրածի պէս պահ մը քարացաւ մնաց, բայց շուտով խելքը գլուխը գալովն դանդաղօրէն հեռացաւ՝  մռմռալով ակռաներուն տակէն.

Վ՜այ անիծից, ծո էս ասանկ աղուոր ախջիկ չէի տեսեր, ան ի՜նչ ճիտ էր։

Առաջին անգամ ըլլալով այն իրիկունը չգնաց իր սովորական փողոցը ու գլուխը չժողուեց փոքր աղջիկները, որոնք զարմացած այդ բացակայության վրայ՝ ըսին իրարու

Համբիկը ու՞ր է, չեկաւ այս իրիկուն, խօսք տուած էր,  որ շունի պէս հաջէր։

Եւ շատ տխուր եղան փոքր աղջիկները այն իրիկունը։

Համբիկ հաց չկերած պառկեցաւ այն գիշերը՝ իր երազներուն մեջ ընկղմելու համար։ Շատ հեղ այդպես կը պատահի.  զգացում մը, որ կայ մարդուս ներսիդին  իր գոյությունը շատ յայտնի չըներ, անակնկալ առիթով մը մէկէն ի մէկ երեւան կու գայ սաստիկ ցնցումներով,  որոնք ամբողջ էութիւնը կը դղրդեն։ Համբիկ մինչեւ այն օրը շուայտ   զգացում մը գրեթէ չէր ապրած այդքան բուռն կերպով։ Ու այն իրիկուան փորձութիւնը շատ գէշ ազդած էր վրան։

Ու կը մռլտար իր խշտիկին վրայ երկնցած

Ծո, ան ի՜նչ ճիտ էր։

Սակայն, երբ առտուն արթնցաւ Համբիկ, երեսը կը փողփողէր ժպիտ մը կերեւէր շուրթերուն վրայ։ 

Ըսաւ  ինքնիրեն

Ա՛լ աս թաղէն  կելլեմ, հոն կերթամ. թէ՛ շահը շատ կըլլայ, թերեւս ալ... 

Խօսքը ընդմիջեց, աչուըներուն մեջ շողիւն մը փայլեցաւ, եւ ձեռքը ճակտին զարնելով

Ծո, ան ի՜նչ ճերմակ ճիտ էր, մռլտաց։

Ըսածին պես ալ ըրաւ նոյն օրն իսկ այն փողոցին մէջ,— ուր կը գտնուէր առջի իրիկուան օրիորդին տունը, — փնտռեց ու  գտաւ պարտէզի մը անկիւնը, ախոռի պէս փոքր խցիկ մը, ուր փոխադրեց իր յարդէ անկողինը, քանի մը մանր-մունր գոյքերը։

Ա՛լ այնուհետեւ այդ փողոցին մէջ թափառեցաւ, ամէնուն ցուցնելով իր ժպտուն դէմքը, ամէնուն համակրանքը վաստկելու ձեւեր ընելով հոն ալ սկսաւ իր ծառայութիւնները ի գործ դնել. հիմակ աւելի եռանդով, աւելի աշխուժով գրեթէ ամէն վայրկեան կանցնէր-կը դառնար այն տունին առջեւէն, որուն հրապուրիչ պարունակութիւնը պատճառ եղած էր իր փոխադրութեան: Երբեմն պատուհանը նստած կը տեսնէր զայն ու գաղտագողի ակնարկով մը կը դիտէր անոր դէմքը, մանաւանդ սպիտակ ծոծրակը, որուն վրայ կը սարսռային սեւաթոյր մազերու քանի մըցանցառ փնջիկներ։ Մեծ վայելք մըն էին իրեն համար այդ վայրկենական ու վաղանցիկ նայուածքները։

Բայց պառկած ատենը բուռն տխրութեամբ մը կը համակուէր հէգ Համբիկ եւ ամէն անգամ, որ իր յոգնած դադրած ոտքերը կերկնցնէր  հանգստաւէտ խշտիկին վրայ,  կը մրմնջէր.                                                                                                                                                                                                                                        

Ան   ի՜նչ   ճիտ է, պէ՜։

Իր յանդուգն բնաւորութեան օգնութեամբը յաջողեցաւ ոտքը դնել իր երագած տունէն  ներս ալ։

Հարուստ ընտանիք մը կը բնակէր այդ տան մեջ. հայր մը, մայր մը, երկու զաւակ՝ աղջիկ մը, օրիորդ Սիրանուշ, և մանչ մը։ Կնոջական ամէն դիւթութիւններով յղփացած սիրուն օրիորդ մըն էր Սիրանույշ, որուն շատ երիտասարդներ աչք ունէին թէ՛ գեղեցկութեան և թէ՛ հարստութեան համար բայց ինք դժուարահաճ էր և բնաւ ականջ չէր կախեր իրեն եղած առաջարկներուն: Գաղափարային աղջիկ մըն էր, որ այն ատեն ամուսնական կեանքին մէջ պիտի մտնէր, երբ գտնէր իր մտատիպարը, որ տակաւին շատ հեռու ըլլալ կերեւակայէր ինք։ Բայց իր կարծիքը սխալ ելաւ երեկոյթի մը մեջ,—  օ՜հ, ի՞նչ պիտի ըլլար շատ մը աղջիկներու և երիտասարդներու վիճակը, եթե չըլլային այս երեկոյթները,—հանդիպեցաւ գեղեցիկ, իր երազած ձիրքերով օժտուած երիտասարդի մը, որուն անմիջապես համակրեցաւ։ Աւելորդ է ըսել, թէ երիտասարդը առանց վարանելու փոխադարձեց այդ համակրանքը՝ հաճոյալի խօսքերով։

Նորարծարծ սիրոյ քաղցր վայելումները շատ կարճ կերեւան սոյն երեկոյթին քանի մը ժամերու միջոցին գիշերը կանցնի ամպի բրդուճի մը պէս, զոր հովը կը վարէ-կը տանի, երբ հազիւ կարմրերփնուած է նորածագ արեւին շառայլէն։ Տեսակցութիւնը նորոգել անկարելի ըլլալով՝ երիտասարդը կը յանդգնի իր սրտին բոլոր զգացումները ծաղկենկար ու անուշաբոյր թուղթին հաղորդել եւ զայն ղրկել իր սիրեցեալին։ 

Օրիորդ Սիրանուշ դողդոջ ձեռքով եւ ճակատին վրայ վաղանցուկ շիկնումով մը կարդաց սիրոյ այդ բոցեղէն արտայայտութիւնը, որ կը վերջանար պատասխան ընդունելու պաղատանքով։ Մանկամարդ աղջիկը, որուն կը պակսէր տակաւին սիրային յանդգնութիւն, քանի մը օր մտածեց՝ միշտ ձեռքը բռնած երիտասարդին սիրերգը, որուն աղապատանքը կը մորմոքէր իր փափկասուն սիրտը վերջապէս որոշեց պատասխան գրել, բայց ի՛նչ կերպով անոր ձեռքը հասցնել զայն ամենափոքր գայթագղութիւն իր անուան շուրջը՝ կը սոսկացնէր զինքը երկար մտածեց այս փափուկ կէտին վրայ եւ յանկարծ լոյս մը ծագեցաւ մտ-քին մեջ. օր մը, երբ տունը իրմէ զատ ոչ ոք կար, պատուհանը նստաւ եւ սպասեց։

Համբիկ կանցնէր գաղտնի ակնարկներ նետելով դեպի պատուհանը: Յանկարծ կանգ առաւ հավատա՞ր աչուըներուն։ Բայց, այո՜, զինքը կը կանչէր ան. նորէն նայեցաւ աչուըներուն բովանդակ սեւեռումովը եւ ա՛լ կասկած չունեցաւ, օրիորդր զինքը կր կանչէր երա՞զ էր արդեօք։

Թոհա՜ֆ պան, մռմռաց ստամբակը ու ներս մտաւ դռնէն, որ բացուած էր։

Հիմակ Համբիկ իր դիմացը ունէր Սիրանուշը, որ իր թովիչ աչուըները անոր վրայ յառած ըսաւ

Համբի՛կ, քեզի բան մը ըսեմ նէ կընե՞ս։

Հազար բան ըսէ՝ ամէնն ալ ընեմ, պատասխանեց Համբիկ անանկ սրտազեղ անձնվիրության շեշտով, որ մանկամարդ օրիորդը ուրախութենէն սարսռաց։

Երդում ըրէ՛,  որ մէկուն պիտի չըսես ինծի համար ընելիքդ, յարեց Սիրանուշ։

Չեմ ըսեր, մա՛ս    վկայ:

Օրիորդը դրասանգներով զարդարուն քորսաժին տաէն նամակ մը դուրս հանեց, պահ մը վրան նայեցաւ  վարանումով,   յետոյ ծռելով դէպի  Համբիկին ականջը, անանկ որ իր շունչովը անոր երեսը շոյեց, բան մը փսփսաց։ Ստամբակը, աղջկան այդ դիրքէն օգտուելով, անոր ծոծրակը դիտեց ու հառաչ մը արձակեց։

Քիչ յետոյ դուրս ելաւ Համբիկ՝ գրպանին մեջ ունենալով իրեն յանձնուած նամակը, զոր հասցէին պիտի տանէր եւ մռմռալով

Աճայի՜պ, աս նամակը միւսիւ Արմէնին պիտի տանիմ, շատ  աղէկ, բայց ինչու անոր նամակ կը ղրկէ կոր. մեջը ի՞նչգրած է արդեօքվա՜յ,  հասկցայ,  հը՜ըսել է գործը եփեր են... տանի՞մ մի,  չը՞ տանիմ մի բայց տանիմ նէ աղէկ կըլլայ, որովհետեւ հարկաւ  նորէն պիտի ղրկէ... հինգ ղուրուշն ալ գէշ  փարա չէ... սակայն փարային տեղը եթէ  ան ճերմակ ճիտէն...

Լռեց՝ չհամարձակելով բարձրաձայն արտայայտել գաղափարը, որ փայլակի արագութեամբ անցած էր մտքէն։

Ա՛լ հիմա պատուհանին առջեւէն անցած ատենը Համբիկ բացէ ի բաց, առանց խպնելու կը ժպտէր Սիրանուշի երեսին, որ հինգ ղուրուշին առաջ բերած երախտագիտութեան նշանը կը կարծէր այդ խորհրդաւոր ժպիտը։

Ստամբակին մտածումը պարապ չելաւ. քանի մը օր ետքը, երբ իրիկուն մը մթնելուն մօտ Համբիկ դռանը առջեւէն  կանցնէր, Սիրանուշ, որ կեցած էր հոն, նորէն թուղթ մը սպրդեցուց անոր ձեռքը՝ մրմնջալով

Նորէն անոր տար, Համբի՛կ։

Տղան՝քառորդըգրպանընետեցունամակըհասցեինտարաւ։

Չորս օր ետքը նորէն նամակ մը՝ Սիրանուշին ձեռքէն Համբիկին գրպանը սահելով՝ յաւիտենական հասցէին յանձնուեցաւ։

Եւ ամէն անդամ ստամբակը հարստացաւ հինգ ղրուշնոցով մը։

Հինգերորդ անգամուն, երբ մանկամարդ արղջիկը նամակը յանձնեց Համբիկին ու դրամն ալ պիտի տար, տղան ետ հրեց անոր ձեռքը՝ ըսելով

Ա՛լ փարա չեմ ուզեր։

Հապա ի՞նչ կուզես։

Համբիկ Սիրանուշին մօտեցաւ, քծնող շունի մը պաղատանքը իր աչքերուն մէջ, մեղմիւ բռնեց անոր թեւէն ու գրեթէ ականջն ի վար ըսաւ դողահար ձայնով

Ճիտէդ պաչիկ մը։

Մանկամարդ աղջիկը բուռն շարժումով մը ետ քաշուեցաւ, աչուըները զայրոյթով շողացին, կարմիր բարակ շուրթերը փոթուեցան, և զսպուած մոլեգին շեշտով մը ըսաւ

Կորսուէ՛ ասկէ, չափխըն շո՛ւն... կորսուէ՛ կըսեմ...

Համբիկ, աղջկան այս զայրացկոտ կերպարանքէն քիչ մը սարսափահար, գրպանը դրաւ նամակը ու գլուխը սպառնագին երերցնելե ետք՝ խոյս տուաւ ըսելով

Միտքէդ չելլայ այս ըսածդ, չըլդի՛կ։

Ա՛լ անկէ ետք  Համբիկ բնաւ չերեւցաւ այն կողմերը. ամէն մարդ զարմացաւ այս անակնկալ անհետացումին վրայ: Հարցուցին, փնտռեցին իրեն համակրող-ները. մանաւանդ փողոցին մանրիկ աղջիկներուն շատ դիպաւ անոր աներեւու-թացումը։

Խե՜ղճ Համբիկ, արդեօք անօթութիւնէ՞  մեռաւ:

                                                                  *   *   *

Տարիներ անցան։

Օրիորդ Սիրանուշ երջանիկ եղաւ՝ ամուսնանալով այն երիտասարդին հետ զոր կը պաշտէր եւ զոր ամէն կատարելութիւններով օժտուած կը կարծէր։

Մեղրալուսինն անցած էր մեղրի պէս անուշ, բայց անոր պէս ալ վաղանցիկ։ Հէգ աղջիկը, որ անկեղծ սէր կը տածէր իր ամուսնին համար, ահագին, հոգեմաշ յուսախաբութիւն մը կրելու դատապարտուած էր։ Քաղցր ու անդորր կենցաղ մը երազած էր վայելել ամուսնական կեանքին մէջ իր այս երազը իրականութեան չփոխուեցաւ սակայն, վասնզի ամուսինը՝ յեղյեղուկ երիտասարդ մը, շուտով յափրացաւ, զզուեցաւ այս կաշկանդուած կյանքին հեշտութիւններէն, եւ այդ յարկէն դուրս փնտռեց հաճոյքի այն աշխարհը, որ բաց է ամէնուն եւ  իր գգուանքները շռայլօրէն կը բաշխէ։

Սիրանուշ նախ ուզեց ինքզինքը խաբել էրկանը բռնած ապօրէն ընթացքին մասին բայց շատ չանցած ստիպուեցաւ  վանելու ամէն պատրանք,  վասնզի ամուսինը այնքան անտարբեր եղաւ իրեն նկատմամբ, որ խեղճ մանկամարդ կինը, չհամարձակելով իր ծնողաց օգնութեանը դիմել, վասնզի անոնք քիչ մը հակառակած էին այս միութեան, ուրիշ միջոցներու ձեռնարկեց նախ ինք հետամուտ եղաւ գտնել պատճառը, որով ամուսինըայդքան պաղած էր իրմէ, և կնոջական սուր հոտառութեամբը կռահեց, որ ուրիշ մը իր իրաւունքները յափշտակած էր ձեռքէն՝  ինք վայելելով  ամուսնին սէրն ու համակրութիւնը։

Օրերով մտածեց ընելիքին վրայ եւ վերջապես տոււաւ վճռական որոշում մը. լսած էր, թէ նշանաւոր կին հաւահմայ մը՝ սքանչելի գուշակութիւններէն զատ՝                                                                                                                                                                                                                            իրեն պէս վշտակիրներուն ցաւերը կը դարմանէր անանկ դեղերով, զորս բժշկութիւնը կանգիտանար։

Ճարահատած, Սիրանուշ, արցունքները հրելով աչքերուն խորը, հառաչները կուլ տալով, ելաւ այդ հաւահմային գնաց։ Խոշոր կին մըն էր վաթսուն տարու, բազմոցի մը անկիւնը հանգստաւէտօրէն նստած, ձեռքը համրիչ մը,  զոր շարունակ կը դարձնէր։

Մայրական գորովալի շեշտով մը ընդունեց մանկամարդ յաճախորդուհին, որուն կերպարանքը զննած էր փայլակէ աւելի արագ նայուածքով մը՝ ներս մտած պահուն:

Եկուր  նայիմ, աղջի՛կս, վիշտդ ի՞նչ է։

Հեծիւն մը ելաւ խեղճ Սիրանուշի կոկորդէն, այտերը շառագունեցան, աչուըները լեցուեցան։

Ըսէ՛, աղջիկս, ըսէ՛, որ ցաւիդ դարման մը  ընեմ։

Անկեղծ ու սիրալիր այդ ձայնը յուզեց Սիրանուշի սիրտը, որ դուրս տուաւ իր բոլոր դառնութիւնն ու բոլոր վիշտը, լալով պատմեց իր առաջին սէրն ու ետքի դժբախտութիւնը  եւ աղաչեց, պաղատեցաւ հաւահմայ կնոջ, որ դեղ մը, դարման մը ընէ, որով ամուսինը նորէն իր ընտանի յարկին մեջ փնտռէ ամէն հաճոյք ու ամէն վայելք։ 

Կինը՝ զգացուած ձայնով ըսաւ Սիրանուշին.

Զավա՛կս, բնաւ հոգդ մըներ, երանի  ամէնուն ալ ցաւը ատ ըլլար. ամիս մը չանցած՝ էրիկդ վրադ խենթ պիտի ըլլայ։

Յետոյ անմիջապէս դէմքին արտայայտութիւնը փոխուեցաւ, աչուըները կիսովին գոցուեցան, շուրթները սկսան երերտկալ փսրտուք մը հանելով, ու ձեռքին մատներն սկսան տենդագին  դարձնել համրիչին սեւ հատիկները։

Քառորդ մը տեւեց այսպէս:

Աղջի՛կս,ըսաւ վերջապէս, երբ այդ մունջ արարողութիւնը վերջացաւ, հիմա քեզի բան մը պիտի ըսեմ, տեղն իտեղօքը պիտի ընես, աղէկ մտիկ ըրէ. քիչ մը դժուար է, բայց  ի՞նչ ընենք, զաւա՛կս, քանի որ  այս աստիճանին  հասեր ես,  ամէն բանի պիտի յօժարիս: Միայն կա՛մ  Պեյօղլուի, կա՛մ  Ղալաթիայի ձուկերու շուկան  կը գտնուի լեւրեկ  ձուկը: Ժամանակը անցած է, եւ գտնուելուն ալ շատ կասկած ունիմ,  բայց մէյ մը նայէ՛:  Շատ սուղ ծախելու համար երբեմն ձկնորսներ 

կը  փորձուին։ Ինչ ընես-չընես պիտի գտնես այդ ձուկը: Եթէ գտար, կառնես ինծի կու գաս: Փուշը կը հանենք մէջէն, ու բան մը կը կարդամ վրան, յետոյ տունը կը տապկես, կը ծեծես, փոշիի կը վերածես, իրիկունը էրիկդ գայ նէ՝ կերած կերակուրին, խմած սուրճին  մէջ մէյ-մէկ քիչ կր ցանես: Կուզես նէ անկողինին  մեջն ալ կրնաս ցանել։ Եթէ  ամիս մը չանցած՝ էրիկդ մասմաքուր  չըլլայ նէ՝ թող ինծի գուշակուհի Մարիամ չըսեն։ Հայտէ գնա՛ եւ  ըսածս ըրէ՛, աղջիկս, բայց անպայման ընելու է,   համ ալ դո՛ւն պիտի ընես, ուրիշը  պիտի չիմանայ։

Սիրանուշ դուրս ելաւ գլխիկոր, բայց մեծապէս սփոփուած։ 

Միտքը դրաւ այն իրիկունն իսկ, մութ ատեն, ամէն վտանգ աչք առնելով, յիշեալ ձուկը փնտռելու ելլել եւ ինչ գին ալ ուզուի՝ տալ։

Բերայի փողոցներուն մեջ լապտերները արդէն վառուած էին բարակ անձրև մը կը թփթփար կառքերուն ու անցորդներուն երթեւեկը ցանցառցած էր։ Կին մը,  գլուխը սեւ լաջակի մը մեջ փաթթած, մտաւ այն փողոցը, ուր ձկնավաճառներ սփռած են իրենց տեսակ-տեսակ ձուկերը, որոնց յատկությունները կը ծանուցանեն մեծադղորդ գոչիւններով։ Կինը երկչոտ քայլերով մօտեցաւ առաջին ձկնավաճառին ու կամաց մը հարցուց,  թէ լեւրեկ ունե՞ր։ 

Մարդը կնկան երեսը նայեցաւ զարմացումով, գլուխը քերեց և ըսաւ

Ի՞նչ կըսես, քոյրի՛կս, այս ժամանակ  լեւրեկ ինչպէ՞ս գտնուի,   իմ քովս չկայ, ուրիշին հարցուր:

Սիրանուշ,— ի՛նքն էր այդ կինը,— թեթեւ հառաչ մը արձակեց եւ հեռացաւ քիչ մը վար ուրիշ ձկնորսի մը դիմեց ու նոյն հարցումը ըրաւ:

Իմ քովս չկայ, քոյրի՛կս, սակայն ինծի կը թուի, թէ  Համբիկը ունենալու է այն շունշանորդիին քովը ամէն բան կայ: Ինծինայէ, սա վարը աջ կողմի  խանութը կը տեսնա՞ս կոր նե՛րս մտիր,  Համբի՛կ հարցուր,  թերեւս  ան ունի։

Մանկամարդ կինը ցուցուած խանութը ուղղուեցաւ և ներս մտաւ դուռէն: Բարձրահասակ մարդ մը կեցած էր եւ չավելաներուն մեջ ձուկերը շարելու զբաղած ոտքի շշուկ մը լսելով ետին դարձաւ։ Կինը ներս մտած ու քովը կեցած էր:

Համբիկը դո՞ւն ես, հարցուց։

Այս ձայնը լսելուն պես ձկնորսը ամբողջ մարմնովը դողդողալով՝

էս եմ, ըսաւ։

Լեւրեկ ձուկ  կը գտնուի՞ քովդ, ինչ որ ուզես կու  տամ։

Ձկնորսը քայլ մը ետեւ գացած էր եւ պլպլացող կանթեղին լոյսովը դէմքը կը դիտէր այդ յաճախորդուհիին։ Դառն եւ աղէտալի ժպիտ մը սահեցաւ ձկնորսին շուրթերէն։

Կը գտնուի, պատասխանեց համր ձայնով։

Եվ ծռելով՝ թակոյկի մը մէջէն ձուկ մը դուրս հանեց, չաւելայի մը վրայ դրաւ եւ մատովը ցուցնելով

Ահաւասիկ, ըսաւ։

Ի՞նչ տալու եմ։

Հիմա կըսեմ։

Ձկնորսը բացաւ շապիկին կուրծքը, ձեռքը ներս խոթեց ու կարճ խուզարկութիւնէ մը ետք, թուղթի մը կտոր դուրս հանեց, ձուկին կռնակին վրայ բացաւ զայն և Սիրանուշին դառնալով՝

Գիտե՞ս այս  ինչ է, հարցուց։

Մանկամարդ կինը ծռեցաւ ծաղկանկար թուղթի մը վրայ, որ սակայն ժամանակ անցնելով դեղնած էր ու կարդաց

-«Պաշտելի՛ Արամս»...

Ետ քաշուեցաւ ափիբերան եղած, ձկնորսին երեսը նայեցաւ սոսկումով եւ ակռաներուն մէջէն մրմնջաց

Համբի՜կ...

Ճիտէդ պաչիկ մը, պատասխանեց ձկնորսը ձեռքը ձուկին վրայ դնելով եւ Սիրանուշին նայելով յօսնութեամբ։

Անոնց աչուըները պահ մը իրարու մեջ մխրճուեցան իրարու շատ բաներ ըսին անոնք անձայն, մունջ։Յետոյ, շալը հանեց Սիրանուշ, գլուխը դէպի առաջ խոնարհեց՝ մորթուող ոչխարի մը համակամութեամբը, վե՛ր առաւ ծոծրակին մազերը եւ ձկնորսին մօտենալով ըսաւ.

Պա՛գ։

Համբիկ պահ մը դիտեց իր առջեւ խոնարհող այդ դժբախտ արարածը, աչուըներուն մէջ թացութիւն մը երեւցաւ, փոխանակ ծռելու՝ քայլ մը ետ գնաց եւ ձայնով մը, ուր խորին տխրութեան երանգ մը կար, ըսաւ.

Չուզեր, ա՛ռ ձուկը  գնա։

Երուխան

                                                                                                                               1870 1915   

================

 

1 Արագաշարժ, անհամբեր, թեթեւ

2 Կիսովին այրած ածուխ, որ շատ վնասակար ծուխ կ’արտադրէ:

3 Դիւրին կեանքոր 

4 Անառակ, ըմբոստ, անկաշկանդ, անզուսպ

5 Կապկում, նմանութիւն

6 Ճըւճըւոցը

7  Հաճոյալի, զուարճալի

8 Թրքերէն՝ իւղոտ յաճախորդ,  առատաձեռն, դիւրին եւ շատ վճարող, չսակարկող

9 Երեւակայկան, ցնորական, երազային, անիրական

10 Հարբեցնող, խելքը գլուխէն տանող

11 Լեցուն, յագեցած

12 Խենթացնող

13 Հոսանքը՝ բուրումը 

14 Ծոծրակ, վիզ

15 Ցոփ, զեխ, անառակ

16 Աղքատիկ՝ խոտով  կամ յարդով  լեցուն  անկողին

17 Կը փայլէր, կը ճառագայթէր

18 Ճառագայթ, լոյս 

19 Դիւթանք, հրապոյր, քաշողականութիւն, կախարդանք

20 Կտոր, պատառ

21 Կարմրած, կարմրագոյն դարձած 

22 Սիրային նամակը 

16 Թրքերէն՝   զարմանալի բան...

23 Խնդրանքը, աշաչանքը, պաղատանքը

24 Զարմանալի բան

25 Մասունք, հաղորդութիւն

26 Ծաղկաւոր, ծաղկազարդ

27 Սեղմիրան 

28 Ֆրանսերէն՝ monsieur` պարոն, տիար

29 Ամչնալու

30 Կծկուեցան

31 Սրիկայ

32 Կանացի նախատական բառ՝ անբարոյ, անպարկեշտ

33 Կշտացաւ, արբեցաւ, լիացաւ, ձանձրացաւ

34 Բախտագուշակուհի, սուտ գուշակութիւններ ընող՝ դիտելով հաւերու շարժումները

35 Ողբ, հառաչ

36 Կարմրեցան

37 Ձկնավաճառի տափակ կողով

38 Սափոր, պտուկ

39 Վաւաշոտ,  տարփալի, կիրքով

40 Համակերպութեամբ

41 Համբուրէ՛