Թուրքիոյ մէջ տղամարդ ձերբակալած են նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողանի դիմանկարը գետին նետելու համար։ Ինչպէս յայտնած է T24 կայքը, միջադէպը տեղի ունեցած է հիւսիսային Զոնկուլտակ նահանգը։
Մի ոմն՝ Ա.Շ.-ը մտած է Էրեղլիի շրջանի ղեկավարի աշխատասենեակը, պատէն իջեցուցած է Էրտողանի դիմանկարը ու նետած գետին։ Ականատեսներու վկայութեամբ՝ ան նաեւ անիծած է նախագահը։ Տղամարդը տեղափոխած են հիւանդանոց՝ ստուգման, այնուհետեւ՝ ոստիկանութեան Էրեղլիի բաժին։ Կիրակի օր ան դատուած է ու ձերբակալուած նախագահը «վիրաւորելու» համար։
2014 թուականին պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր Էրտողանը վիրաւորելու համար ընդհանուր առմամբ հետաքննուած է 38 581 մարդ։ Ըստ BirGün-ին, աւելի քան 12 000 մարդ, ներառեալ՝ 318 անչափահաս, դատարանի առջեւ կանգնած է: