image

Դոկտ. Հայկ Դեմոյեան պիտի դասախօսէ Միշըն Հիլզի «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին մէջ

Դոկտ. Հայկ Դեմոյեան պիտի դասախօսէ Միշըն Հիլզի «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին մէջ

Կիրակի, 23 հոկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեան պիտի դասախօսէ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի «Շին» մատրան մէջ։

«Երրորդ հանրապետութեան վե՞րջը. Ինչ կարելի է ակնկալել Հայաստանի ապագային համար» խորագրուած դասախօսական ձեռնարկը կազմակերպուած է «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին կողմէ եւ մաս կը կազմէ Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան (NAASR) Գալուստ Կիւլպէնկեանի անուան հիմնարկութեան Հայկական արդի հարցերու դասախօսական շարքին։