Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Յունաստանի Թեմի Առաջն մէջ, Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Խորէն եպս. Առաքելեան ընդունած է Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ նախագահ, Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սէլիմեանը, եւ Յունաստանի Հայ Աւետարանական համայնքի հովիւ, Վեր. Վիգէն Չոլաքեանը: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին տարբեր մտահոգութիւններ եւ բաժնեկցեցան իրենց փորձառութիւնները, ընդգծելով համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ Սրբազան Հօր դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը`
25 Մայիս 2025-ին Աթէնքի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Խորէն եպիսկոպոս Առաքելեանի եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ նախագահ, վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սէլիմեանի, ինչպէս նաեւ Յունաստանի Հայ Աւետարանական համայնքի հովիւ, Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանի միջեւ։
Հանդիպումը ընթացաւ ջերմ եւ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մը մէջ։ Քննարկումի հիմնական առանցքը եղաւ հայ հաւատացեալներուն հոգեւոր կեանքի պահպանումը եւ սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ եկեղեցական կեանքի զարգացման մարտահրաւէրները։ Կողմերը բաժնեկցեցան իրենց փորձառութիւնը, ծառայութեան ընթացիկ դժուարութիւններով եւ անդրադարձան նաեւ ներգաղթեալ հայութեան հոգեւոր կարիքներուն՝ ընդգծելով համագործակցութեան եւ եղբայրութեան խորացման անհրաժեշտութիւնը: