Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին որոշումը պիտի հրապարակուի Յունուար 24-ին, ժամը` 11:00-ին:
Պաշտպանները միջնորդած են Դաւիթ Տօնոյեանը անձնական երաշխաւորութեամբ ազատ արձակել: Նախկին նախարարին համար երաշխաւորած են «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներ Քրիսթինէ Պօղոսեանն ու Վիլէն Գաբրիէլեանը եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Արամ Սարգսեանը:
Կալանաւորուած նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն համար ալ փաստաբանները միջնորդած են կիրառել անազատութեան հետ կապ չունեցող խափանման միջոցներ, այդ շարքին` գրաւ. գրաւի չափն ալ թողած են դատարանի հայեցողութեան: