Փեքինը եւ Ուաշինկթընը մտադիր են ստեղծել աշխատանքային խումբ 21-րդ դարու համաշխարհային կլիմայական ճգնաժամի դէմ պայքարի համար։
Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, այդ մասին ըսուած է չին-ամերիկեան համատեղ յայտարարութեան մէջ, որ ընդունուած է Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հանդիպման նախօրեակին։
«Չինաստանը եւ Միացեալ Նահանգները կը գտնեն, որ կլիմայական ճգնաժամն շատ աւելի էական ազդեցութիւն կը ձգէ ամբողջ աշխարհի երկիրներու վրայ», -ըսուած է փաստաթուղթին մէջ։
«Չինաստանը եւ Միացեալ Նահանգները որոշած են ստեղծել աշխատանքային խումբ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի ամրապնդման նպատակով։ Խումբը պիտի աշխատի այնպիսի հարցերու շուրջ, ինչպիսիք են մեթանի արտանետումները մթնոլորտ, շրջակայ միջավայրի աղտոտումը փլասթիքով եւ ուժանիւթային անցումը»,- նշուած է փաստաթուղթին մէջ։
Երկու կողմերն ալ յայտարարած են, որ հաւանութիւն կու տան G20-ի ղեկավարներու հռչակագրին՝ մինչեւ 2030 թուականը եռապատկելու վերականգնուող ուժանիւթի համաշխարհային կարողութիւնները, եւ խոստացած են միասին աշխատիլ փլասթիքով աղտոտման դէմ պայքարի իրաւաբանօրէն պարտադիր համաձայնագրի վրայ:
Սի Ծինփինը ժամանած է Սան Ֆրանսիսքօ (Քալիֆորնիայի նահանգ)` մասնակցելու Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան գագաթնաժողովին, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններ վարելու Պայտընի հետ։ Գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ նոյեմբեր 15-17-ը։