image

Չինաստան եւ Ռուսաստան մեզի բնական դաշնակիցներ են

Չինաստան եւ Ռուսաստան մեզի բնական դաշնակիցներ են

Թուրքիան կը կարծէ, որ Ռուսաստանը եւ Չինաստանը Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան (Թրքական խորհուրդ) բնական անդամներ են։ Նման կարծիք յայտնած է Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան կից աւագանիի մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ՝ Պինալի Եըլտըրըմը, յայտնած է ԹԱՍՍ-ը։

«Թրքական խորհուրդը ձեւաւորուած է 2009 թուականին, եւ այսօր ան կը ներառէ 7 անդամ երկիր։ Հունգարիան եւ Թուրքմենստանը կազմակերպութեան դիտորդներն են, Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Ղազախիստանը, Ուզպեքիստանը եւ Խրխզիստանը՝ անդամները: Ի հարկէ, առաջիկայ տարիներուն այս թիւը կ'աճի։ [Կազմակերպութեան] բնական անդամները այն պետութիւններն են, ուր կը խօսին թրքական լեզուներով կամ ուր կը բնակին թուրքեր», ընդգծած է քաղաքական գործիչը։

Եըլտըրըմի խօսքով՝ «Պալքանեան բոլոր երկիրները, առաջին հերթին՝ Պուլկարիան, Պոսնիա եւ Հերցեկովինան, Սերպիան, Ալպանիան եւ Մակեդոնիան, այս կազմակերպութեան բնական անդամներն են եւ հետագային կ'ընդգրկուին անոր կազմէն ներս»։ «Բացի այդ, այս համայնքի բնական անդամներն են Ռուսաստանն ու Չինաստանը։ Մենք մեծ պատասխանատուութիւն կը կրենք այս հսկայական աշխարհագրութեան մէջ, եւ մենք այդ կը գիտակցինք», անոր խօսքերը մեջբերած է «Այտինլիք» թերթը։