«Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութեան բաժնի գլխաւոր խմբագիր՝ Ռոպէր Աթթարեանի գրչէն կը կարդանք՝
«Աստուծոյ անունով կը դատապարտեմ զինեալ բռնութիւնները, կոտորածները, բռնաբարութիւնները, գիւղերու ավերումն ու դաշտերու և անասուններու թալանը» ըսած էր ի միջի այլոց Քահանայապետը, Աստուծմէ հայցելով նաեւ, որ փոխէ սրտերն անոնց` որոնք ահռելի արարքներ կը կատարեն։
«Այս է քրիստոնէական մարգարէութիւնը` չարին պատասխանել բարիով, ատելութեան սիրով, բաժանումին հաշտութեամբ։ Հաւատքը ներքինէն կը փոխէ իրականութիւնը»։ Շաբաթ մէկ յուլիս 2023ին Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ հրատարակուեցաւ վերոնշեալ խօսքերով թուիթը, որուն պարունակութիւնը քաղուած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին` անցեալ 31 Յունուարէն - 5 Փետրուար 2023ին Հարաւային Սուտան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին արտասանած մէկ ճառէն, երբ Ան Քինշասայի Առաքելական Նուիրակութեան մէջ հանդիպեցաւ երկրի արեւելեան շրջանի զոհերուն հետ։
Այս առիթով Քահանայապետը ընդգծած էր նաեւ, թէ «Հայրը` որ Երկինքն է լաւապէս կը ճանչնայ իւրաքանչիւրի արժանապատուութիւնը եւ ամէն մէկուն կ՜ըսէ. «Դուն թանկարժէք ես ինծի համարր։
«Աստուած ձեզ կը սիրէ ու ձեզ չէ մոռցած։ Անոր անունով է, որ կը դատապարտեմ զինեալ բռնութիւնները, կոտորածները, բռնաբարութիւնները, գիւղերու ավերումն ու դաշտերու և անասուններու թալանը» ըսած էր ի միջի այլոց Քահանայապետը, Աստուծմէ հայցելով, որ փոխէ սրտերն անոնց` որոնք ահռելի արարքներ կը կատարեն։
Ան առ այդ հրաւիրած էր «ո՛չ» ըսելու բռնութեան եւ «այո՛» խաղաղութեան ու յոյսին հաստատելով, որ քրիստոնէական մարգարէութիւնն է` չարին պատասխանել բարիով, ատելութեան` սիրով, բաժանումին` հաշտութեամբ։