Վերջին տարիներուն Դամասկոսէն հայրենադարձած եւ մեզմէ շատերուն կողմէ սիրուած եւ յարգուած բժիշկ Ճօրճ Բարսեղեանը ենթարկուած է սրտի բաց գործողութեան։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բժիշկ Բարսեղեանի հարազատներէն։
Կը նշուի նաեւ, որ վիրաբուժական գործողութիւնը անցած է շատ փայլուն եւ ներկայիս բժիշկը կը բոլորէ ապաքինման շրջան մը։
Բժիշկին վիրաբուժական գործողութիւնը կատարած է յայտնի սրտաբան՝ Մհեր Սուսանին։
Մենք եւս շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք իր ասպարէզը առաքելութեան ոգիով իրականացնող յարգելի բժիշկին։