«Հայը ծնած է յաւիտեանս ապրելու համար, ոչ մէկ օսմանցի կամ թաթար չի կրնար բնաջնջել հայ ժողովուրդը, ինչպէս փորձեցին ընել 1915-ին, 1909-ին, 1896-1894ին...»,- «Արեւելք»ին ըսաւ հալէպահայ գրող Թորոս Թորանեան: Թորանեան այս մասին խօսեցաւ յատկապէս անդրադառնալով հայկական թաղերուն մէջ լսուած հակահայ խօսքերուն եւ վանկարկումներուն խնդրին: «Լսեցի, թէ հայկական թաղերը կ'ուզեն գերեզմաններու վերածել եւ հայերը դուրս քշել իրենց բնօրրանէն»,- ըսաւ Թորանեան աւելցնելով «Մեր ժողովուրդին դէմ բոլոր սուլթաններուն ըրածները ի դերեւ ելան, այս ժողովուրդը եկած է աշխարհ ապրելու համար, այնքան ատեն որ մոլորակը գոյութիւն ունի: Մենք երեկուան երեխաները չենք, որ հաւատանք իրենց»: Թորանեան մէջբերեց զօրավար Անդրանիկին միտքը, ըսելով. «Այսօր, վաղը ու յաւիտեան չհաւատալ թուրքին, խօսիլ անոր հետ, բայց չհաւատալ երբեք»: Գրողը, որ վերջերս Հայաստան հաստատուած է, այդ մասին անդրադառնալով ըսաւ, «Մենք մեր որոշումին համար ուրախ ենք, մենք այս երկիրը ճանչնալով եկած ենք, ինչպէս Արշակները հայկական հողին վրայէն քալելով զօրութիւն առին, այնպէս ալ մենք այս հողին վրայ ուժեղացանք: Մամիկոնեաններուն ըսածը կը կրկնեմ Պարսից արքային «Ժամանակին ես մէկ ոտքս որ դնէի լերան վրայ, լեռը կը կքէր», երբ արքան հարցուց թէ ո՞րն է այդ լեռը «Մէկը դուք էիք, միւսը Հռոմը»,- պատասխանեց ան: Մենք, որ այդքան ուժեղ էինք, մեր ուժը պիտի վերագտնենք մեր մէջ, այս հողին վրայ, աշխարհին ցոյց տալով, որ մեր ժողովուրդը յաւիտենական է»,- իր խօսքը աւարտեց հալէպահայ հանրաճանաչ գրողը: