Թրքական ուժերը վերսկսած են իրենց հրետանային յարձակումները սուրիական Ապու Ռասին թաղամասի վրայ եւ ընդլայնած են իրենց յարձակման շրջանակը` ներառելով Հասիչէ գիւղի արեւմտեան Թալ Թամըր շրջանի գիւղերը:
Տեղական աղբիւրները SANA-ին յայտնած են, որ «թրքական ուժերը հրետանային եւ հրթիռային նռնակներով ռմբակոծած են Ապու Ռասին քաղաքը` իրենց յարձակումը կեդրոնացնելով քաղաքի արեւմտեան թաղամասին վրայ, մասնակիօրէն աւերելով թաղամասին մէջ գտնուող Գիւղատնտեսական դրամատան կեդրոնական գրասենեակը եւ նիւաական վնաս հասցնելով շարք քաղաքայիններու տուներուն»:
Աղբիւրները կը նշեն, որ վերջին ժամերուն յարձակումը հասած է արեւմտեան Թալ Թամըր շրջանի գիւղեր, որ կը գտնուի Ռաս Ուլ Այնէն մօտ 35 քմ հարաւ, մասնաւորապէս Ալ Աղապիշ գիւղին վրայ, ուրկէ գիւղը թիրախաւորած են Մահմուտիէ գիւղին մէջ իրենց անօրինական կայանէն շարք մը հրթիռներով եւ հրետանային արկերով, ինչ որ պատճառած է նիւթական վնասներ»:
Աղբիւրները կը յաւելեն, որ թրքական հետախուզական ինքնաթիռը կը շարունակէ թռիչքներ կատարել Սուրիոյ բանակի կեդրոնացած կէտերը եւ թրքական ուժերն ու անոր հետ կապուած ահաբեկչական խմբաւորումները բաժնող շփման գիծի ամբողջ երկայնքով: