image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլի արարքները կրնան պատերազմական յանցանք նկատուիլ

Իսրայէլի արարքները կրնան  պատերազմական յանցանք նկատուիլ

Կազայի հատուածին մէջ գտնուող Ճեպալիա փախստականներու ճամբարի գնդակոծութիւնն իսրայէլեան ուժերու կողմէ կրնայ ռազմական յանցագործութիւն ճանչցուիլ։

Այս մասին, ինչպէս հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, ըսած է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի X-ի էջին եղած գրառման մէջ։

«Հաշուի առնելով Ճեպալիա փախստականներու ճամբարին Իսրայէլի հասցուցած օդային հարուածներէն ետք քաղաքացիական անձանց շարքերէն զոհերու մեծ թիւը եւ աւերածութիւններու մաշտապները , մենք լուրջ մտավախութիւն ունինք, որ ատոնք անհամաչափ յարձակումներ են, որոնք կրնան հաւասարեցուիլ ռազմական յանցագործութեան», - ըսուած է գրառման մէջ: