image

Բողոքի ցոյցերու մասնակից 29 անձ բերման ենթարկուած է. ոստիկանութիւն

Բողոքի ցոյցերու մասնակից 29 անձ բերման ենթարկուած է. ոստիկանութիւն

Տաւուշի մէջ իրականացուող սահմանազատման գործընթացներու դէմ բողոքի ցոյց իրականացնող 29 բերման ենթարկուած կայ։ Այս մասին յայտնած են ոստիկանութենէն։

«Այս պահի դրութեամբ 17 բերման ենթարկուած կայ Երեւանի բաժնում, իսկ Նոյեմբերեանում՝ 12»,- յայտնած են Ոստիկանութենէն։

Նշենք, որ, ըստ ամենայնի, հանրապետութեան մէջ բերման ենթարկուածներու թիւն աւելին է, քանի որ առաւօտէն բողոքի հաւաքներ կ՚իրականացուին Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ։

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության անդամ Լեւոն Քոչարեան իր դիմատետրեան էջին յայտնած էր, որ բերման ենթարկուածներ կան Վետիի մէջ։ Անոնք բողոքի ցոյց կ՚իրականացնէին եւ արգելափակած էին ճանապարհը Տիգրանաշէնի հատուածին մէջ։