Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Լիբանանի մէջ տասնեակ ճանապարհներ կը մնան փակուած:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան լրատուամիջոցներէ:
Աղբիւրները կը յայտնեն, որ առաւօտեան կանուխ ժամերէն, լիբանանցիները, որոնք կը բողոքեն տնտեսական իրավիճակի վատթարացման, տոլարի սակագնի բարձրացման եւ տարբեր խնդիրներու դէմ, իջած են փողոց եւ փակած են տարբեր շրջաններու կեդրոնական պողոտաներ: Կը սպասուի նաեւ, որ օրուան ընթացքին ցուցարարները շարունակեն իրենց բողոքի ցոյցերը:
Երթեւեկութեան վերահսկման գրասենեակը յայտնած է, որ Պէյրութի մէջ այսօր փակուած ճանապարհներն են՝ կեդրոնական Պէյրութի Ալ Ամին մզկիթին դիմաց, Քոլայէն դէպի Սաէպ Սալամ տանող ճամբան, Քոլայէն դէպի Արաբական լիկա տանող ճամբան, Քասքաս, Քորնիշ Մազրաա, Կանա-Ասատ խաչմերուկ, Պարպիր, Սաէպ Սալամ-Ռիֆայի խաչմերուկ, Սաէպ Սալամ՝ Աքքատի դիմաց, Ասատ պողոտայ։
Թրիփոլիի մէջ փակուած են Պատտաուիի կամուրջին տակ, Նուր հրապարակը:
Զահլէի մէջ փակուած են Մարժ եւ Թաալպայա ճանապարհները:
Լիբանանեան բանակը վերաբացած է Սայտայի Էլիա խաչմերուկի ճամբան, երբ ցուցարարները զայն փակած էին հրկիզուոող անիւներով։ Ցուցարարները փակած են նաեւ Ապրա եւ Հիլալիա ճանապարհը՝ Սայտայի արեւելեան շրջանին մէջ:
Ինչպէս նաեւ, ցուցարարները փակած են Շեքքայի մայրուղին երկու ուղղութիւններով եւ Զուքի մայրուղիի արեւելեան հատուածը։