image
Հրատապ լուրեր:

Բռնագրաւուած Արցախի մէջ ձերբակալուած են Ատրպէյճանի ականազերծման գործակալութեան աշխատակիցներ

Բռնագրաւուած Արցախի մէջ ձերբակալուած են Ատրպէյճանի ականազերծման գործակալութեան աշխատակիցներ

Ատրպէյճանի ականազերծման գործակալութեան (ANAMA) աշխատակիցները ձերբակալուած են բռնագրաւուած Արցախի Քաշաթաղի շրջանին մէջ հասարակական կարգը խախտելու համար: Միջադէպը տեղի ունեցած է սեպտեմբեր 11-ին Քաշաթաղի կեդրոնին մէջ: Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Ճանապարհային ոստիկանութիւնը կեցուցած է ANAMA-ի բաժնի պետ Մամետովի (պայմանական անուն, ազգանուն)՝ 1985 թուականին ծնած, վարած Hyundai Sonata մակնիշի մեքենան: Վարորդը եղած է ոգելից ըմպելիքի ազդեցութեան տակ եւ չէ կապած անվտանգութեան գօտի: Անոր ուղեւորը՝ 31-ամեայ Թ. Կուրպանովը, նոյնպէս եղած է ոգելից ըմպելիքի ազդեցութեան տակ: Անոնք սկսած են աղմկել եւ օգտագործել անպարկեշտ արտայայտութիւններ:

Խախտողներու նկատմամբ կազմուած են վարչական արձանագրութիւններ, եւ Լաչինի շրջանային դատարանը որոշած է 8 օրով վարչական կալանք կիրառել: