Սիւնիքի մարզի Սիսիանի հատուածին մէջ բեռնատարներու վարորդները երէկուընէ կը շարունակեն փակ պահել Սիսիանի ճանապարհը։
Վարորդները դժգոհ են ճանապարհներուն տեղադրուած կշիռքներէն, որոնք տեղադրուած են քանի մը օր առաջ։ Եթէ բեռնատարներու բեռը սահմանուած չափէն աւելի է, ապա վարորդները կը տուգանուին:
Յիշեցնենք, որ վարորդները նոյն բողոքով փակած էին մայրուղին։ Բեռնատարներու վարորդներու հետ հանդիպած էր աշխատանքային այցով Սիւնիքի մարզ գտնուող տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեանը, որուն նեայացուած է 4 կէտէ բաղկացած առաջարկ։
Յիշեցնենք՝ դեռ 17 մայիսին, Քաղաքաշինութեան, տեխնիկական եւ հրդեհային անվտանգութեան տեսչական մարմինը իրազեկած էր, որ փոխադրային միջոցներու թոյլատրելի առաւելագոյն զանգուածի կամ մէկ սռնակի վրայ ինկող բեռը, ինչպէս նաեւ մեծ եզրաչափերու առաւելագոյն չափերը փոխուած են։
Ըստ այդմ՝ երկու սռնակ ունեցող փոխադրային միջոցներու թոյլատրելի առաւելագոյն զանգուածը պէտք է ըլլայ 18 թոն, 3 սռնակ ունեցողինը՝ 25 թոն, 3 սռնակովը, որու տանող սռնակի վրայ տեղադրուած են զոյգ անիւներ եւ օդաճնշական կամ նմանատիպ այլ կախոց, կամ երբ իւրաքանչիւր տանող սռնակի վրայ տեղադրուած են զոյգ անիւներ եւ իւրաքանչիւր սռնակի առաւելագոյն բեռը չի գերազանցեր 9,5 թոնը, ուստի փոխադրային միջոցներու թոյլատրելի առաւելագոյն զանգուածը պէտք է ըլլայ 26 թոն: