«Աշխարհը աւարտած է այստեղ՝ Արարատի վրայ ու սկիզբ առած այստեղէն՝ Արարատէն», այսպէս կը մտածէ Հայաստանի սիրահար եգիպտացի բեմադրիչ՝ Իսամ Նաժի
Իսամ Նաժիին հետ.Նոր հանդիպման վառ յոյսով
Տեսած եմ հայասէր մարդիկ, ծանօթացած եմ լրագրողներու, պատմաբաններու, գիրի մարդոց, քաղաքական գործիչներու, որոնք հայութեան հան-դէպ դրական տեսակէտ ունին։ Տակաւին եղած են անուններ, որոնք հայութեան եւ հայ դատին մասին գիրքեր գրած են, ունեցած են ելոյթներ ու կարդացած դասախօսութիւններ։Այդ մարդիկ բոլորն ալ յարգելի են ի հարկէ, բոլորն ալ մեծ աւանդ ունին եւ բոլորին ալ գործն ու գիրը նպաստած է համամարդկային ընկալումներուն ագուցուած հայկական դատի եւ հայկական հարցերու վերհանման, սակայն այս բոլորէն անդին քիչ եղած են անոնք, որոնց էութեան մէջ կարծէք «հայկական հունտեր» կան. Ու անոնցմէ է եգիպտացի բեմադրիչ Իսամ Նաժին, որ շաբաթներ առաջ կը գըտ-նըւէր Երեւան։Եգիպտոսի Ազգային Առաջնորդարանին ու Հայ դատի մարմնի նեցուկով Սիւ- նիքի մասին վաւերագրական ժապաւէն մը նկարահանելու համար Երե-ւան փութացած Իսամ Նաժիին համար Հայաստանը այլ բոյր եւ իմաստ ունի։Այդ կը յուշէ անոր հետ կատարած հարցազրոյցս, զոր սիրով կը ներկայացնեմ «Յուսաբեր»ի ընթերցողներուս։
«Ֆոթո Լէոն»ի հետ հանդիպումը, Հայաստանի մեծ սէրը եւ Արարատի մեծ խորհուրդը... Նաժի կը խորհի, թէ ինք Հայաստանի մէջ ոչ մէկ պահ օտար զգացած է իրեն։ Քաջածանօթ է հայերուն, Հայ դատին ու ընդհանրապէս Հայաստանին,- «Երբ ես Հայաստան գտնուիմ, կամ հայերու հետ խօսիմ, կամ հայկական երաժշտութիւն լսեմ, ոչ միայն կը հանգստանամ... այլ մէջս պատկանելիութեան զգացում մըն է, որ կ’աճի»։ Նաժիի հայութեան հետ առաջին «հանդիպում»ը վիպային գեղեցիկ էջ մըն է կարծէք, որուն ալ կը յենի ան ամէն անգամ, որ իրեն հարց կու տանք, թէ «Ինչո՞ւ, եւ ինչ պատճառով հայերն ու Հայաստանը կը սիրես...» Ան, որպէս համալսարանի ուսանող, ուսման զու- գահեռ աշխատած է ռատիոկայանի մէջ, ուր ներկայացուցած տարբեր նիւ- թերուն առընթեր մեծ նախասիրու- թիւնն եղած է լուսանկարչութիւնը։ «Համալսարանին եւ ռատիոկայանին ճիշդ մէջտեղը լուսանկարչական խանութ մը կար «Photo Leon» անունով։ Միշտ կը տեսնէի սպիտակ մազերով մարդ մը նստած գիրք կը կարդայ»։ Նաժի օր մը որոշած է խօսիլ հետը․ ան ըսած է՝ անունը Լեւոն է Յակոբեան, յարելով՝ «այո՛, ես հայ եմ», Նաժի հետա- քրքրուած է հայերով, անոնց լեզուով, պատմութեամբ, ու Լեւոնի պատմած- ներուն ընդմէջէն սկսած է այլ որակի բարեկամութիւն մը, որուն թելերը իմ խօսակիցս բերած են մինչեւ հեռու ՝ Հայաստան։ «Տարիներ ետք, լիբանանահայ երիտասարդ մը, անունը՝ Միհրան, հայկական ճաշարան մը հիմնեց Գահիրէի մէկ անկիւնը, ուր եւ հրաւիրեցի պրն. Լէոնին։ Անոնք անմիջապէս սկսան հայերէն խօսիլ, ճիշդ է, ես բառ մը իսկ չէի հասկնար խօսուածներէն, բայց կը տեսնէի ուրիշ որակի ջերմութիւն մը... անոնք կարծես երկար ատեն ծանօթներ էին, որ զիրար վերագտնելով ինձ ալ տեղ կու տային իրենց անսովոր պատմութեան մէջ...»։Նաժի կսկիծով պատմեց, որ այդ հանդիպումը վերջին հանդիպումը ե- ղած է իրենց միջեւ ու «պարոն»ը աւելի ուշ մահացած է...։ «Մեր վերջին հանդիպման պարոն Լէոն տխուր էր» կը պատմէ Նաժի վերյիշելով իր բարեկամին խօսքերը,– “Մինչեւ կեանքիս այս պահը չկարողացայ երկրորդ հայրենիքիս՝ Հայաստանին օգտակար դառնալ...”, ըսած էր ան, ու ձեւով մըն ինծի պատգամ մը տալով փոքրիկ խաչքար մը նուիրած էր ինծի...»։ Պարոն Լէոնին հետ անոր ապրած մըտերմութենէն քիչ անց Նաժիին բախտ կը վիճակուի առաջին անգամ այցելել Հայաստան։ «Հայաստանի մէջ համերաշխութիւն մը զգացած եմ, ամէն ինչ ներդաշնակ է, մշակոյթը, այբուբենը, մարդոց դէմքերը, կրօնը, պատմութիւնը, նոյնիսկ խօսելաոճը, զարմանալի միաս- նականութիւն մը կայ։ Չկայ աշխարհի մէջ այսպիսի երկիր, ուր անցեալը, քաղաքակրթութիւնը, պատմութիւնը ու ներ-կան նոյնացած են»։ Իր արհեստավարժ նկարահանողի մղումով Նաժի 2017-ին ձեռնարկած է Հայաստանի մասին վաւերագրական շարժապատկերներ պատրաստել,– «վաւերագրական աշխարհը գրաւեց զիս, որովհետեւ ամէն ինչ անկեղծ էր ու իրական, դերասաններ չկան այնտեղ»։ Այդ ժամանակ ան կ’աշխատէր «Հալածուած եկեղեցիներ» ընդհանուր խորագիրը կրող հետաքննական-վաւերագրական ֆիլմաշարի մը. «Ուսումնասիրութենէ ետք ի յայտ եկաւ, որ Հայաստանը միակ երկիրն է, ուր չկայ հալածուած եկեղեցի։ Այն ատեն որոշեցի, որ Հայաստանի մասին պէտք է վաւերագրական շարժապատկեր պատրաստեմ, որ գոնէ պր. Լէոնին “աւանդ”ը տեղ հասցնեմ...։ Ֆիլ- մարտադրողները սկիզբը դէմ կեցան, հաշուի առնելով, որ Հայաստանը չկար մեր ցուցակին վրայ, բայց խնդրանքիս ընդառաջելով, Հայաստան եկանք 2017-ի Ապրիլին ու նկարահանեցինք։ Հայաս- տանը կարծես նոր հոգի տուաւ ինծի...»։ Նաժի պատմեց թէ վաւերագրական շարժապատկերներու նկարահանումը տեւած է չորս տարի, որովհետեւ կ’ընդգրկէր քանի մը երկիր, սակայն Հայաստան պահանջած էր ամենաշատ աշխատանքը՝ 1,5 տարի, երեք բաժիններով։ «Վերջին բաժնին մէջ գրեցի՝ “մեկնեցայ Հայաստանէն, բայց Հայաստանը չհեռացաւ ինձմէ ու միշտ ալ պիտի մնայ մէջս...”։ Հայաստանը ջուրի եւ օդի պէս է, չի “բռնուիր”, եւ այդ իսկ պատճառով թշնամիները կը վախնան իրմէ, թշնամիներ, որոնք այս տարածաշրջանէն չեն, դրսեցիներ են, եւ կը փորձեն գրաւել իրենց չպատկանող հողերը։ Հայաստանն այստեղ արմատներ ունի, որքան ալ փորձեն կտրել, ան կրկին պիտի ծլի...»։ Նաժի մեծ կարեւորութեամբ ընկալած է պատմական երեւոյթները եւ ատոնց մէջէն «քալելով» եկած է այն եզրակացութեան, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը յաւերժական են. ան այս առումով կ’ըսէ․ «Այս երկիրը իրա-ւունք ունի ապրելու, անոր հնագոյն պատմութիւնը դեռ պէտք է շարունակուի, որովհետեւ Հայկի ոգին, ըլլայ ան առասպել կամ ոչ, ներկայ է տակաւին»։ Ըստ Նաժիին ինք այն հայելին է, որ աշխարհին ցոյց պիտի տայ, թէ ինչ կարողութիւններ ունին այս երկիրն ու հայերը, մշակութային,քաղաքակրթական, պատմական ու երաժշտական ու աւարտելով իր միտքը կ’ըսէ․ «Աշխարհն աւարտած է այստեղ՝ Արարատի վրայ ու սկիզբ առած այստեղէն՝ Արարատէն»։
«Առանց Սիւնիքի Հայաստան անկումի եզրին կը յայտնուի...»
– Այս ձեր չորրորդ այցելութիւնն է Հայաստան, ի՞նչ է այս անգամուայ առաքելութիւնը։
– Կրկին Հայաստան եմ՝ նոր շարժապատկերի մը նկարահանման համար, այս անգամ Սիւնիքի մասին։ Պիտի ներկայացնեմ Սիւնիքի կարեւորութիւնը, աշխարհագրական դիրքը, մշակոյթը, եւ ամէն ինչ որ կը վերաբերի Սիւնիքին։ Առանց Սիւնիքի Հայաստան անկումի եզրին կը յայտնուի։ Այս անգամուայ ացելութիւնս կարելի է ըսել իրատեսական է, հակառակ անցեալ անգամներուն, որոնք աւելի զգացական էին։ Ես կ’ուզեմ օգտակար դառնալ Հայաստանի, ոչ թէ որովհետեւ հայերը անկարող մարդիկ են, այլ որովհետեւ կը փափաքիմ անձնական փորձառութիւնս ի գործ դնել։ Չեմ կարծեր որ երբեւէ պիտի դադրիմ Հայաստանը սիրելէ եւ պիտի շարունակեմ այս հրաշք երկիրը ծանօթացնել աշխարհին։ Հայաստանի համար կ’երազեմ ընել դեռ աւելին, յղացած եմ մօտ 20 նոր միտքեր՝ գրքեր, վաւերագրական փաս-տաթղթեր, ցուցահանդէսներ, բանասատեղծութիւններ, յուսամ՝ կը հասցընեմ իրագործել այդ բոլորը։
– Հայաստանի մասին ձեր շարժապատկերները ցուցադրուած են Եգիպտոսի մէջ։ Այդ մասին ի՞նչ կ’ըսէք մեր ընթերցողներուն
– 2019-ի վերջերն էր, երբ մեր շարժապատկերի առաջին երեք մասերը, որոնք Հայաստանի մասին էին, տեղադրեցինք Youtube-ի վրայ, հեռաձայնեց բարեկամս, լուսանկարիչ՝ Էտւարտ Մելիքեանը եւ ինձ ծանօթացուց հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն՝ բժ. Արմէն Մազլումեանին հետ։ Մազլումեան զիս հրաւիրեց, եւ մենք միասին դիտեցինք Հայաստանի մասին շարժապատկերը, ան որոշ նկատողութիւններ ըրաւ ապա առաջարկեց, որ ցուցադրուի Գահիրէի հայ ակումբին մէջ։ Մարտ 2020-ին շարժապատկերը ցուցադրուեցաւ եւ ցուցադրութեան ներկայ եղան, Գահիրէի մօտ Հայաստանի դեսպանը, համայնքի առաջնորդ Սրբազան հայրը, Հայաստանի մօտ Եգիպտոսի նախկին դեսպանը, նաեւ հայ համայնքէն մեծ բազմութիւն։ Բոլոր երեք մասերը միացուցինք ու ներկայացուցինք, «The khachkar maker», «Sons of fire and Roses» եւ «Return and Rebirth»։Ձեռնարկի աւարտին, երբ յիշատակեցի ընկերս Լէոնը եւ թէ ինչպէս իմ մէջ ցանած է Հայաստանի հանդէպ սէրը, ներկաներուն մէջէն ոտքի ելաւ կին մը, պարզուեցաւ որ Լէոնի դուստրն է, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց։ Շատ յուզումնալից պահ էր։ Ես պարզապէս Լէոնի երազը շարունակողն եմ։
– Ի՞նչ էր առաջին զգացումը, երբ այցելեցիք Ծիծեռնակաբերդ։
– 2017-ին առաջին անգամ այցելեցի Հայաստան ու Ապրիլ 24-ին՝ Ծիծեռնակաբերդ նկարահանման համար։ Այսքան երկիր այցելած էի, բայց չէի զգացած այն ինչ զգացի այստեղ։ Տեսայ ժողովուրդը ինչպէս ծաղիկներ կը խոնարհէ, ու այդ ծաղիկները լեռան կը վերածուին։ Երբ կ’այցելես Ծիծեռնակաբերդ խոնարհելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին առջեւ, եւ կը մտածես 1915-ին օսմանցիներուն կատարած Ցեղասպանութեան, կամ նոյնիսկ անկէ առաջ անոնց գործած ջարդերուն մասին, կը զգաս թէ այս նահատակները ամէն ինչի սկիզբն էին... Անոնք ի զուր չէին նահատակուած։ Այնտեղ կը տեսնես կեանքն ու մահը կողք կողքի։ Ես իմ առաջին հաւաքածոյին վերջին բաժնին խորագիրը դրած եմ «Return and Rebirth», նկատի ունենալով, որ Հայաստան այդպէս է, չի մեռնիր, Քրիստոնէութիւնն ալ այդ կ’ըսէ, կը հաւատայ Յարութեան։
–Ի՞նչպէս ընդունեցիք Ղարաբաղի պատերազմի իրադարձութիւնները։
– Ամուսնութեան տարեդարձս 1 Հոկ- տեմբերին է, ես ու կինս ճամբորդած էինք նկարահանման մը համար, նաեւ մեր ամուսնութեան տարեդարձը նշելու։ Պատերազմը սկսաւ 27 Սեպտեմբերին, յաջորդ օրը ի տես լուրերէն ցուցադրուած նկարներուն, բանաստեղծութիւն մը գրեցի՝ «Նուռին արիւնահոսումը» խորագրով, Ղարաբաղի վերջին պատերազ- մին մասին։ Այս բանաստեղծութիւնը թարգմանուեցաւ անգլերէնի ու հայերէնի անշուշտ բժ. Արմէն Մազլումեանի օժանդակութեամբ։ Նկարիչ եւ ատամնաբոյժ ընկերուհիս՝ Ռիհամ Աֆիֆին, ինձ նման Հայաստանի սիրահար մը, օգնեց եւ նկարազարդեց, նկարեց Արցախի խոր- հըրդանիշը՝ Տատիկն ու Պապիկը, եւ անոնց ոտքին տակ արիւնահոսող նուռը եւ վերնագրեց «Ով որ ձեզի կը դպնայ, կարծես կը դպնայ աչքիս բիբին»։Պատերազմի օրերուն ամէն կերպով կ’ուզէի գալ Հայաստան, կանգնելու հայ ժողովուրդին կողքին, բայց համաճարակին պատճառով ուշացայ...։ Կը յուսամ որ մօտ օրէն հանդիպինք նաեւ Արցախի մէջ խաղաղ պայմաններու տակ։
– Ձեր կարծիքով, Ղարաբաղեան պատերազմին, ինչպէ՞ս արձագանգեց Եգիպտոսի հանրային կարծիքը։
–Եգիպտացիներու մեծամասնութիւնը կը կարեկցին հայերուն, որովհետեւ հայերուն ձեռքերը արիւնաթաթախ չեն։ Իմ պապերը Փորթ Սայիտէն են, անոնք ջարդերուն ժամանակ ընդունած են Մուսա Տաղի որբերը։ Փորթ Սայիտն առաջին նաւահանգիստն էր, որ ընդունեց փախստական հայերն ու որբերը։ Եգիպտոսի մէջ հայերը շատ կարեւոր դեր ունեցած են եւ դեռ ալ ունին։ Ղարաբաղեան պատերազմին, շնորհիւ մամուլին, մարդիկ սկսան վերյիշել թէ ինչ պատահած էր ժամանակին, 90-ական թուականներուն, եւ սկսան աւելի ճիշդ ընկալել խնդիրը։ Ճիշդ է որ կար հակառակ կարծիքն ալ, բայց ան ոչինչ ունէր ներկայացնելու, եւ Եգիպտոսի ժողովուրդը խելացի ժողովուրդ է, կը զանազանէ թէ ով իրականութիւնը կը խօսի, եւ ով ոչ։ Այս պատերազմին Եգիպտոսի հանրութեան կարծիքը բաւական աշ-խուժացաւ, և ժողովուրդը աւելի մօտէն ծանօթացաւ Հայաստանին։ Կը յուսանք՝ յառաջիկայ օրերուն դրական զարգացումներ տեսնել հայկական հարցի առնչութեամբ, նաեւ Եգիպտոս դեր ունենայ այդ կապակցութեամբ։
–Բոլորս ուշի ուշով կը հետեւինք Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն, ու բացայայտ է նաեւ, որ տեղի ունեցածը կապ ունի քաղաքակրթական ներհուն պայքարի մը հետ։ Այս մասին ի՞նչ կը խորհիք։
– Ես կը կարծեմ, որ պատմութիւնը շրջանակներու կը նմանի, եւ իրաւունքն օր մը անպայման պիտի վերադառնայ իր տիրոջ։ Այն բացասական ազդեցութիւնը, որ օսմանցիք թողուցին Միջին Արեւելքին մէջ 400 տարուան բռնագրաւումով, կարելի չէ քանի մը բառերով արտայայտել։ Մինչեւ հիմա պետական գործերու մէջ նկատելի են թրքական մեթոտները, ամբողջ տարածաշրջանը ժառանգած է այս համակարգը օսմանացիներէն։ Բայց բարեբախտաբար այսօր Եգիպտոս կը զարգանայ։Ներկայիս պէտք է ամէն պետութիւն ճանչնայ ինքն իրեն։ Տարածաշրջանին մէջ քաղաքակրթութիւններ գոյութիւն ունին, զորս կարելի չէ փոխել։ Մեզի ծանօթ են արեւելքի բաղադրիչները՝ օրինակ ասորիները, փիւնիկեցիները, եգիպտացիները եւ հայերը։ Իսկ ասպատակողները, բռնագրաւողները պէտք է ճանչցուին այլեւս։ Այս հազարաւոր տարիներու քաղաքակրթութիւնը, թերեւս կարենաս հողին երեսէն ջնջել, բայց ան հողին տակն իսկ կեանք ունի։
– Եգիպտահայերը գիտե՞ն արդեօք ծանօ՞թ են ոգեւորութեանդ ու հետա- քըրքրութեանդ Հայաստանի նկատմամբ։
– Ինծի համար մէն մի հայու կարծիք արժէքաւոր է։ Շատ կարեւոր է նաեւ որ իւրաքանչիւր հայ զգայ թէ ուրիշ մըն ալ գիտէ իր դատը եւ զբաղած է անով։ Եգիպտոսի մէջ շատ են իմ հայ ըն-կերներս, որոնք վստահօրէն բարձր կը գնահատեն իմ գործունէութիւնս։
– Ի՞նչ կը մտածէք հայկական սփիւռքին մասին։
– Ինչ կը վերաբերի Հայկական ըս-փիւռքին, կը կարծեմ, որ Սփիւռքն ու Հայաստանի հայերը պէտք է լիարժէք զիրար ամբողջացնեն, մանաւանդ, որ Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակը շատ զգայուն եւ ճգնաժամային է։ Եթէ տարակարծութիւններ կան՝ պէտք է մէկդի դրուին։ Բոլոր հայերը պէտք է միասնաբար գործի անցնին։ Ճիշդ է ես հայ չեմ, բայց նաեւ դրսեցի չեմ, սիրտս հայ է, ես ալ մտահոգ եմ հայերուն նման։– Նկատի առնելով, որ Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ բժ. Արմէն Մազլումեան երեւելի աշխատանք կը տանի Հայաստանը ծանօթացնելու եգիպտական շրջանակներուն մէջ։ Արդեօք ծանօթացման աշ- խատանքները արդիւնաւէտ ե՞ն։– Կը կարծեմ, որ բժ. Արմէնը ու նա-եւ ուրիշներ իրենց կարելին կ’ընեն, որ-պէսզի Հայաստանի մասին նիւթերը հասանելի դառնան Եգիպտոսի քաղաքական, մշակութային ու նաեւ լրագրական շրջանակներուն։ Եգիպտացիք, իրենց կարգին պէտք է կարեւոր վկայութիւն տան Հայաստանի, հայերուն, եւ անոնց ունեցած մեծ ներդրումին մասին։ Անոնցմէ շատեր չեն գիտեր թէ ինչ-ինչ ժամանակակից ճարտարագիտական յայտնագործութիւններ հայերու շնորհիւ եղած են, միայն գիտեն, որ Նուպար փաշան՝ Եգիպտոսի առաջին վարչապետը, հայ եղած է։ Այն կոտորածներն ու Ցեղասպանութիւնը, որոնք կատարած են օսմանացիները հայոց դէմ, պէտք է յստակացուին ու բացատրուին։ Կը կարծեմ որ ներկայիս Եգիպտոսի մտաւորական խաւը սկսած է հետաքրքուիլ այս հարցով, եւ նոյնիսկ գիրք մը պիտի հրատարակուի Ցեղասպանութեան մասին։ Այստեղ է նաեւ, որ կարեւոր կերպով պէտք է շեշտադրուի այն գաղափարը, որ Հայաստան չմեռաւ Ցեղասպանութեամբ այլ յարութիւն առաւ։ Եւ ես վստահ եմ, որ թշնամին որքան ալ շարունակէ իր կործանարար աշխատանքը, Հայաստան կանգուն պիտի մնայ։
Հարցազրոյցը՝ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆԻ
«Յուսաբեր»/Գահիրէ