Կեանքը աստուածային պարգեւ է։ Մեր գոյութիւնը խորապէս զգալու համար կեանքին նկատմամբ կապուածութիւն ունենալու ենք։ Կոյր միտքով ապրողը եւ իր ներկայութիւնը պատահականութեան վերագրող մարդը իր կոչումին նշանակութիւնը կը սահմանափակէ, այսինքն հոգեւոր եւ բարոյական արժէքները իր կեանքէն կը հեռացնէ։
Ապրիլը կրաւորական վիճակ է, իսկ ապրելու համար պայքարիլը` գործնական հաւատքի հոմանիշ։ Ծնիլը ուրախալի առիթ է, իսկ վերանորոգ միտքով ապրիլը` ողջունելի երթ։ Գոյ ըլլալը կամքէ անկախ է, իսկ գոյատեւելու համար ճիգ թափելը` վայելուչ ընտրութիւն ։ Ուխտելը վճիռ է, իսկ ուխտապահ մնալը` հաւատարմութեան խօսուն օրինակ։ Ահա Կեանքը արժանաւոր կերպով ապրելու որոշ տարբերակներ։
Կ`ապրինք ժամանակի նեղ շրջագիծին մէջ։ Բոլորս ալ կը փափաքին երկա՜ր ապրիլ, բայց յաճախ կը մոռնանք թէ առաքինի ապրելակերպն է անթաղելին։ Պիտի գայ այն պահը երբ անվերադարձ պիտի մեկնինք այս աշխարհէն։ Հետեւաբար, դրական կեցուածքն է արձագանգողը, սիրալիր վարմունքն է ազդեցիկը, մաքուր խղճմտանքով գործելն է օրհնաբերը եւ շնորհքով ապրիլն է հայավայելը։
Կեանքի մատեանդ վերջակէտով իր աւարտին կը հասնի երբ հաւատքը կը բացակայի։ Կեանքիդ մատեանը կախման կէտով արժէք կ`ունենայ երբ հաւատքն է ներգործողը, յոյսն է ներշնչողը եւ սէրն է առաջնորդողը։
Կեանքին պատկերը գեղեցկացնելու յատկութիւն ունին այս երեք առաքինութիւնները։
Քրիստոսի հաւատացողն ու հետեւողը միաժամանակ աշակերտ է։ Ուրեմն Աւետարանին դասեր քաղելու, մարգարէներէն օրինակ առնելու, առաքելներուն հետքերով ընթանալու եւ Քրիստոսի նկարագիրը ընդօրինակելու կանչուած ենք։
Գոհունակ մարդը կեանքէն քիչ ակնկալութիւններ ունի։ Երբ դժուար կացութեան կամ տագնապի մատնուի հիասթափութիւն չապրիր, այլ` անսպառ եռանդով կ`ապրի։
Մեր հիասթափութեան պատճառներէն է չափազանց ակնկալութեամբ ապրիլը։
Յոյսը հեռադիտակի նման է, ցոյց կու տայ ծովէն անդին` ծովեզերքը։ Առանց յոյսի անապատացած է մեր կեանքը։ Յուսացողը արմաւենիի կը նմանի, որ կը ծաղկի հակառակ աննպաստ կլիմային եւ ամայութեան։ Անյոյս մարդը ո'չ ներկան ապրելու կամք ունի եւ ո'չ ալ ապագայ կերտելու երազ։
Երիտասարդը իր նպատակները իրագործելու է առանց վատնելու ժամանակը։ Ժիր երիտասարդը Տիրոջ կամքով տարիներ վերջ կը վայելէ հանգիստ եւ խաղաղ ծերութիւն, որով իր քաղցր յուշերուն ընդմէջէն աչքերուն առջեւ կը պարզուի իր հարուստ անցեալը։ Ուստի կը զգայ հոգեկան անկողոպտելի երջանկութիւն։
Աղօթողը բարեխօս է, բամբասողը` չարախօս, խրատողը` հոգեխօս, Հնարամիտը` պերճախօս, իմաստունը` առակախօս, ունայնամիտը` դատարկախօս, աջակցողը` խօսուն, Աւետարանը` աստուածախօս, եկեղեցին` բարոյախօս, շարականը` քաղցրախօս եւ հայերէնը` յաւերժախօս։
Ձեւական նշանախօսութեան որպէս հետեւանք ընտանիքներ կը քայքայուին եւ զոյգերուն միջեւ անվերջ վէճեր կը ծագին։ Նշանախօսութիւնը նոր կառուցուելիք շէնքի յատակագիծը պատրաստելու ժամանակաշրջանին կը նմանի, եթէ ճիշդ ու չափաւոր ձեւով նախագիծը պատրաստ ըլլայ ընտանիքին հիմը անխորտակելի կը մնայ։
Խորէն.Քհնյ.Պէրթիզլեան