Ամերիկահայ (արմատներով՝ Լիբանանէն) Ազգային բարերար Մայք Սարեանին օրերս շնորհուած է Գալիֆորնիա պետական համալսարանի շքանշան- պարգեւը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն, ուր նշուած է թէ Սարեան այս մրցանակին տիրացած է, որպէս այդ համալսարանէն վկայուած անձնաւորութիւն եւ թէ մրցանակը կը կրէ The Alumni Awards of California State University.
Կը նշուի նաեւ, որ մրցանակը առաջին անգամ տրուած է 1973 թուականին եւ այն կը շնորհուի բոլոր անոնց, որոնք մեծ նուիրումով կը մասնակցին համայնքային կեանքին եւ շօշափելի ներդրում կ՚ունենան հանրութիւնը յուզող հիմնախնդիրներու լուծման առնչութեամբ։
Մեր խորին շնորհաւորութիւնները՝ Տիար Մայք Սարեանին։