image

Բանակցութիւններ «տարբեր սենեակներ»ով. ԱՄՆ Նախագահի բանագնացը բացած է որոշ փակագիծեր 

Բանակցութիւններ «տարբեր սենեակներ»ով. ԱՄՆ Նախագահի բանագնացը բացած է որոշ փակագիծեր 

Միացեալ Նահանգները այս շաբաթ Սէուտական Արաբիոյ մէջ պիտի կազմակերպէ անուղղակի բանակցութիւններ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւններու միջեւ, ABC-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի բանագնաց Քիթ Քելլոկը։

«Ատոնք պիտի ըլլան անուղղակի քննարկումներ, այսինքն՝ խումբը մը պիտի ըլլայ այս սենեակին մէջ, միւսը՝ այլ սենեակի մէջ: Իսկ անոնք (ամերիկացիները-Խմբ.) պիտի նստին, խօսին, երթան եւ ետ գան, այսպիսի մագոգային դիւանագիտութիւն (միջազգային յարաբերութիւններու եւ դիւանագիտութեան մէջ մագոգային դիւանգիտութիւն եզրոյթը կ՚օգտագործուի նկարագրելու համար երրորդ կողմի գործողութիւնները, որ կը հանդիսանայ միջնորդ հակամարտող կողմերու միջեւ առանց վերջիննրուս անմիջական կապի) պիտի ըլլայ»,- պատմած է Քելլոկը։

Միացեալ Նահանգներէն հանդիպման պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայքլ Ուոլցը, արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօն եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան ծրագրման տնօրէն Մայքլ Էնթընը։

Աւելի վաղ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին եւ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը հաստատած էին, որ մարտ 24-ին Ռիատի մէջ նախատեսուած է Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւններու հանդիպումը։ Զելենսքիի խօսքով՝ Ուքրանիան բանակցութիւններուն պիտի ներկայացնէ «արհեստագիտական խումբ»։ Նախ՝ հանդիպում պիտի ըլլայ ուքրանական եւ ամերիկեան կողմերու միջեւ, այնուհետեւ ամերիկացիները պիտի հանդիպին ռուսերու հետ, ըսած է ան՝ վկայակոչելով Ուաշինկթընի առաջարկը։

Զելենսքին պարզաբանած է, որ բանակցութիւններու թեման պիտի ըլլայ ուժանիւթային կառոյցներու հետ կապուած զինադադարի հաստատումը։

Ռուսիան բանակցութիւններուն պիտի ներկայացնեն Դաշնային խորհուրդի միջազգային գործերու կոմիտէի ղեկավար Կրիկորի Քարասինը եւ ԱԴԾ տնօրէնի խորհրդական Սերկէյ Պեսետան։ Քրեմլի խօսնակ Տմիթրի
Փեսքովը յայտարարած է, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ բանակցութիւններու ընթացքին պիտի քննարկուին նաեւ պատերազմի դադրեցման այլ «նրբութիւններ» եւ «ուղղութիւններ»։

Մարտ 11-ին Ճատտէի մէջ կայացած է ուքրանական եւ ամերիկեան պատուիրակութիւններու առաջին հանդիպումը։ Փետրուար 18-ին Ռիատի մէջ կայացած է Միացեալ Նահանգներու Ռուսիոյ պատուիրակութիւններու հանդիպումը։