«Երկիր մետիա» հեռուստաընկերութեան տնօրէն Բագրատ Եսայեանը ձերբակալուած է, անոր նկատմամբ կալանաւորման միջնորդութիւն ներկայացուած է: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է պաշտպան Վահէ Եփրիկեանը:
«Բագրատ Եսայեանի նկատմամբ իրականացւում է քաղաքական հետապնդում` ՀՀ Քրէական օրէնսգրքի 38-225-րդ (զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելուն յանցակցութեան) յօդուածի 2-րդ մասով եւ 164-րդ յօդուածի (լրագրողի մասնագիտական օրինական գործունէութեանը խոչընդոտելը) 1-ին մասով:
Վերջինս ներկայ պահին ձերբակալուած է ու իր նկատմամբ ներկայացուելու է կալանքի միջնորդութիւն», գրած է Եփրիկեանը: