image
Հրատապ լուրեր:

Բացառիկ լուսանկար խոցուած ԱԹՍ-էն

Բացառիկ լուսանկար խոցուած ԱԹՍ-էն

 ՅBanak.info ռազմական մասնագիտացած  կայքը հրապարակած է Հայաստանի ԶՈՒ-երու ՀՕՊ-ի խոցած «Aerostar» տիպի ԱԹՍ-ի լուսանկարը։ Լուսանկարը առնուած է ԱԹՍ-ի խոցումէն վայրկեաններ անց։

Աւելի վաղ ՊՆ-էն յայտնած էին, որ 29 Յուլիսին, ժամը 23:00-էն սկսած, ՀՀ ԶՈւ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները կասեցուցած են հայ-ատրպեճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ ԱԹՍ-ներու` ՀՀ օդային տարածք մուտք գործելու փորձեր:

Հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու գործողութիւններու հետեւանքով բոլոր փորձերը կասեցուած են։ Մասնաւորապէս՝ խոցուած է Ատրպէյճանի ԶՈՒ սպառազինութեան մէջ գտնուող «Aerostar» տիպի ԱԹՍ, որու բեկորները ինկած են Գեղարքունիքի մարզի Վանեվան գիւղէն 3.5 քիլոմեթր դէպի հիւսիս: