image

Այսօր Ընդդիմութիւնը ճանապարհ պիտի չփակէ. Կը սպասուին այլ գործողութիւններ

Այսօր   Ընդդիմութիւնը ճանապարհ պիտի չփակէ. Կը սպասուին այլ    գործողութիւններ

Ընդդիմութեան պայքարը պիտի շարունակուի ամբողջ թափով, շարժումը երբեք պիտի չմարի, այս մասին Ֆրանսայի հրապարակէն երէկ յայտարարեց ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթելեանը`  տեղեկացնելով, որ այսօր փողոցներ պիտի չփակեն: Փոխարէնը ան բոլորը հրաւիրեց ժամը 09:30-ին գալ Ֆրանսայի հրապարակ` նշելով, որ անհնազանդութեան այլ գոդծողութիւններ պիտի ըլլան:

Իշխան Սաղաթէլեանը նաեւ ըսաւ, որ ընելիքներու բոլոր մանրամասնները չի կրնար այս պահին յայտնել, բայց նշեց, որ Հայաստանի մէջ կան միջազգային պատուիրակութիւններ, որոնք իրենց ձայնը պէտք է լսեն: «Մեր գործողութիւնները կը շարունակուեն մինչեւ 19:00, իսկ 19:00-ին կրկին հրաւիրում ենք հանրահաւաքի», ըսաւ ան:

Իշխան Սաղաթէլեանը նաեւ անդրադարձաւ Նիկոլ Փաշինեանի Պրիւքսէլ կատարելիք այցին, որու շրջանակին մէջ պէտք է տեղի ունենայ եռակողմ հանդիպում Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ: Ան նշեց, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան կողմից ներկայացուած այդ վեց առաջարկները հայ ժողովրդի կամքի, շահերի հետ որեւէ կապ չունեն, հետեւաբար Նիկոլ Փաշինեանի հետ ձեռք բերուած ցանկացած պայմանաւորուածութիւն ոչ-օրինական է եւ առ ոչինչ»:

ԱԺ փոխնախագահը նաեւ նշեց, որ այս օրերուն տարբեր ձեւաչափերով ներկայացուցած են իրենց սկզբունքները, պատկերացումները Արցախի հարցի լուծման, երկրի տնտեսութեան, բանակին վերաբերեալ, սակայն իշխանութիւնները անոնց չեն արձագանգած:

«Այս ամէն ինչին օրուայ իշխանութիւնը, այդ քաղաքական խմբակը, որեւէ կերպ, որեւէ բովանդակային պատասխան կամ քննադատութիւն չունի, շարունակում է հասարակութեանը կերակրել նրանով, ինչով չորս տարի խաբեց ու երկիրը հասցրեց էս օրին, շարունակում է խօսել թալանից, ապօրինի գոյքի բռնագանձումից ու մարդկանց անընդհատ կերակրում այդ նիւթով», ըսաւ ան:

Իշխան Սաղաթէլեանը նշեց, որ ոեւէ մէկը Հայաստանին ու Արցախին այդքան վնաս չէ հասցուցած, որքան այս իշխանութիւնները, որոնց օրօք թշնամիին մնացած է 187 գիւղ, 6 քաղաք, տունէ, ապրուստէ զրկուած է 38.500 քաղաքացի, թշնամիին յանձնուած է 591 խաչքար, 39 բերդ-ամրոց, 4000 պատմամշակութային յուշարձան, 12 թանգարան: «Հիմա Նիկոլ դու ինչ թալանից ես խօսում, այս երկրի թիւ մէկ թալանչին, աւերիչը, քանդողը դու ես», ըսաւ ան: