Ընդդիմութեան պայքարը պիտի շարունակուի ամբողջ թափով, շարժումը երբեք պիտի չմարի, այս մասին Ֆրանսայի հրապարակէն երէկ յայտարարեց ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթելեանը` տեղեկացնելով, որ այսօր փողոցներ պիտի չփակեն: Փոխարէնը ան բոլորը հրաւիրեց ժամը 09:30-ին գալ Ֆրանսայի հրապարակ` նշելով, որ անհնազանդութեան այլ գոդծողութիւններ պիտի ըլլան:
Իշխան Սաղաթէլեանը նաեւ ըսաւ, որ ընելիքներու բոլոր մանրամասնները չի կրնար այս պահին յայտնել, բայց նշեց, որ Հայաստանի մէջ կան միջազգային պատուիրակութիւններ, որոնք իրենց ձայնը պէտք է լսեն: «Մեր գործողութիւնները կը շարունակուեն մինչեւ 19:00, իսկ 19:00-ին կրկին հրաւիրում ենք հանրահաւաքի», ըսաւ ան:
Իշխան Սաղաթէլեանը նաեւ անդրադարձաւ Նիկոլ Փաշինեանի Պրիւքսէլ կատարելիք այցին, որու շրջանակին մէջ պէտք է տեղի ունենայ եռակողմ հանդիպում Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ: Ան նշեց, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան կողմից ներկայացուած այդ վեց առաջարկները հայ ժողովրդի կամքի, շահերի հետ որեւէ կապ չունեն, հետեւաբար Նիկոլ Փաշինեանի հետ ձեռք բերուած ցանկացած պայմանաւորուածութիւն ոչ-օրինական է եւ առ ոչինչ»:
ԱԺ փոխնախագահը նաեւ նշեց, որ այս օրերուն տարբեր ձեւաչափերով ներկայացուցած են իրենց սկզբունքները, պատկերացումները Արցախի հարցի լուծման, երկրի տնտեսութեան, բանակին վերաբերեալ, սակայն իշխանութիւնները անոնց չեն արձագանգած:
«Այս ամէն ինչին օրուայ իշխանութիւնը, այդ քաղաքական խմբակը, որեւէ կերպ, որեւէ բովանդակային պատասխան կամ քննադատութիւն չունի, շարունակում է հասարակութեանը կերակրել նրանով, ինչով չորս տարի խաբեց ու երկիրը հասցրեց էս օրին, շարունակում է խօսել թալանից, ապօրինի գոյքի բռնագանձումից ու մարդկանց անընդհատ կերակրում այդ նիւթով», ըսաւ ան:
Իշխան Սաղաթէլեանը նշեց, որ ոեւէ մէկը Հայաստանին ու Արցախին այդքան վնաս չէ հասցուցած, որքան այս իշխանութիւնները, որոնց օրօք թշնամիին մնացած է 187 գիւղ, 6 քաղաք, տունէ, ապրուստէ զրկուած է 38.500 քաղաքացի, թշնամիին յանձնուած է 591 խաչքար, 39 բերդ-ամրոց, 4000 պատմամշակութային յուշարձան, 12 թանգարան: «Հիմա Նիկոլ դու ինչ թալանից ես խօսում, այս երկրի թիւ մէկ թալանչին, աւերիչը, քանդողը դու ես», ըսաւ ան: