image

«Այսօր հոս, իսկ վաղը ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս...»:

 «Այսօր հոս, իսկ վաղը ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս...»:

Կ՚անդրադառնաս, որ համոզիչ պատասխան մը չունիս եւ անօգուտ կը մաշիս անորոշութեան մայթերուն վրայ…: Ականջիդ մէջ կը զրնգայ մեծանուն բանաստեղծ՝ Պարոյր Սեւակին տողերը, որոնք պատանութեանդ օրերուն թութակաբար կրկնած էիր. «Անորոշութեան ցաւով ես հիւանդ, անորոշութեան անդարման ու ահարկու ցաւով...»: Բայց այսօր պատանի չես, անդարման ու ահարկու բառերուն իմաստը գիտես, անոնց մղկտացնող ցաւը մաշկովդ ապրած ես: 

Մեկնումի ճանապարհներուն վրայ սպառուող օրերը երկինք չունին, ոչ ալ՝ փայլուն արեւ ու լուսին: Անզօր ու անհամբեր կը սպասես, որ օրը հասնի իր աւարտին եւ դուն գլուխդ փռես բարձին՝ փլուզող աղիւսի նման՝ յանձնուելով նո՛յն  անցեալին, կարօտներուն, երազներուն եւ չյանգող կրակներուն...:

  Լիբանանահայ օգտատէր Սիլվա Իսկիկեան-Մահրէճեան կը գրէ՝

Պայ-Պայ Պէյրութ

Կը հեռանաս կրկին եւ չես գիտեր թէ ինչո՞ւ..։  Չես իմանար, թէ ուր պիտի յանգի այս երթեւեկը, խորթ իր ճամբաներով՝ բարդ ու օտարոտի: 

Կրկին երկու ճամբորդական պայուսակի մէջ ծրարած ես  կեանքի նոր հանգրուան մը, ամփոփելով անոր մէջ անհրաժեշտութիւն սեպուող ընթացիկ պիտոյքներ... զիջելով ու զեղչելով հոգւոյդ նախասիրութիւնները՝ սիրելիներուդ  յուշանկարները, հոգեթով նամակները, մօրդ ձեռագործները ...: Միայն երկու պայուսակ եւ ահա  կեանքդ վերածած ես սեղմ ու անկենդան արկղի մը...:

Արդէն հարիւրերորդ անգամն է, որ դուն քեզ կը հարցաքննես . «Միթէ սա ճակատագիրի պարտադրա՞նքն է, թէ՞ այլ ընտրանքի չգոյութիւնը…»:

Կը հեռանաս, մինչ ոտքերդ թաղուած են այլ տեղ, հոն, ուր սիրտդ կը բաբախէ եւ ծննդավայրիդ արեւով  հարբած արիւնը կը ծորի  երակներուդ  մէջ։

Հոն, ուր ծովէն ցայտող կապոյտը իր թովիչ խայտերով հոգիդ կը կլանէ, իսկ մայրիներէն փչող զեփիւռը թոքերուդ կեանք կ՚առաքէ։ 

Հոն ունիս երթիք մը խոնարհ, որուն համեստ պատերուն վրայ փռած ես կեանք մը հեռաւոր ու վիթխարի: Հոն ուր կուրծքիդ խորերէն սիրոյ շողեր կը փայլատակէին, իսկ զաւակներուդ քաղցրահնչիւն ճռուողիւնը՝ հոգիդ կը լիացնէր։ Մինչ դուն գորովալից բերկրանքով յաճախ կը մրմնջէիր. « Ծիծեռնակը, բոյն կը շինէր, բոյն կը շինէր ու կ՚երգէր...» արդեօք գիտէի՞ր,  թէ կեանքի քամիները անխղճօրէն  պիտի ցրէին շիւղերը բոյնիդ...: 

Հոն, նոճիներու շուքին տակ կը ննջեն սիրելիներդ, որոնց կը պարտիս այսօրուան միսդ, հոգիդ, էութիւնդ...: Որոնց յաճախ կ՚այցելես եւ Զահրատեան «երկու մոմ»ով սէր կը պլպլացնես ու անոնց հոգիներուն խաղաղութիւն կը հայցես։ 

Հոն, ուր կաթիլ մը երազ ունիս, որ իր ծաւալով ո՛չ կ՚ուրճանայ եւ ո՛չ ալ կը շոգիանայ։ Կաթիլ մը՝ թմրեցուցիչի նման  կը շրջի արեանդ մէջ եւ կը գերէ անհամար բջիջներդ: Կաթիլ մը երազ, որուն կը պակսի հիւլէ մը հաւատք։  

Հոն…, հոն…

Դուն քեզ «հեգնելով», կը փորձես թօթափել «հոն»ը  եւ գրկել ներկան, լուծուիլ անոր հմայքներուն մէջ եւ այժմէութեան թեւեր հագնելով՝ խոյանալ առաջ ու սաւառնիլ անամպ երկինքներ։ Կ՚որոշես խուսափիլ անցեալի ճահիճին մէջ անշարժանալէ, բայց անօգուտ։ Ինչքան ալ կը յամառիս ու կը հրաժարիս, անցեալը կը մնայ միակ սեփականութիւնդ, որուն թելերը սարդոստայնի նման կը պարուրեն քեզ եւ կը բանտեն էութիւնդ: Աջ ու ահեակ կը թափահարիս , անյոյս փորձեր կը կատարես, բայց ի զուր։ Դուն հո՛ն ես, անցեալին մէջ՝ հաշտ ու անտրտունջ։ Անցեալին դառնութիւնն ու քաղցրութիւնը միաձուլուած կը ծորին կոկորդէդ վար, թախծոտ աղը իր ահագին ծաւալով կը շրջի երակներուդ մէջ, իսկ քաղցրութիւնը, մեղմող բալասանի նման կը ցօղէ վէրքերդ։ 

Կը մեկնիս, մինչ հարցումները քեզ կը հարուածեն .«Այսօր հոս, իսկ վաղը ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս...»: Թունաւոր հարցումներ են, որոնք կը գամուին գանկիդ մէջ եւ ահարկու  գլխացաւով կը տառապեցնեն քեզ։ Եւ դուն քեզի օգնութեան կը հասնիս՝ ինքնեկ հնարքներով, հոգեբանի հմտութեամբ, համբերութեան խրատներով...: