«Հայեր ջան, բարի լոյս: Կեցցէ՛ք սիրելիներս: Երեւանը կանգնած է: Աւելի քան 50 փողոց այս պահին փակ է: Ու այդ թիւն անընդհատ մեծանում է»: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է ԱԺ փոխխօսնակ Իշխան Սաղաթելեանը, որ նաեւ տեսանիւթ հրապարակած է:
«Երեւանում շատ հաճելի, արեւոտ եւ յաղթական տրամադրութիւն է: Սիրելի քաղաքացիներ, իջէք փողոց, միացէք ձեր քոյրերին ու եղբայրներին: Մեր գործն արդար է ու ճիշտ ուղղութեամբ առաջ է գնում: Միասին մինչեւ յաղթանակ», նշած է ան:
Նշենք, որ «Դիմադրութիւն» շարժումը վաղ առաւօտէն վերսկսած է անհնազանդութեան գործողութիւնները` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով: Երեւանի տարբեր հատուածներու մէջ անոնք փողոցներ փակած են, փակ է Մաշտոցի պողոտայէն դէպի օդակայան տանող ճանապարհը: Ոստիկանութիւնը կը փորձէ վերականգնել երթեւեկութիւնը: Կան բազմաթիւ բերման ենթարկուածներ: