Լիբանանցի քաղաքացի մը կաթուածահար եղած ու մահացած է Պէնզինի ստանալու հերթ կանգնելու ժամանակ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցի վրայ տարածուած տեսանիւթէ մը, ուր երեւելիօրէն յստակ կը դառնայ, որ տապին ու լարումին առջեւ տեղի տուած եւ եօթանասունի սեմին եղող քաղաքացին կաթուած կը ստանայ ու կը մահանայ։
Քաղաքացիին անունը ցարդ չէ պարզուած, սակայն ընկերային ցանցերու օգտատէրերը, որ դէպքը պատահած է օրերս։
Յիշեցնենք, որ տնտեսական սուր տագնապին հետեւանքով Լիբանանցիք յայտնուած են պաշարուած դրութեան մը մէջ, որուն հետեւանքով ալ ժամեր կը սպասեն քանի մը լիթր պէնզին ստանալու համար։