image

Այսօր առաւօտեան ժամը 8-էն բողոքի գործողութիւնները պիտի շարունակուին. Սաղաթէլեան

Այսօր  առաւօտեան  ժամը  8-էն   բողոքի  գործողութիւնները պիտի շարունակուին. Սաղաթէլեան

Այսօր` Մայիս 19-ին, պիտի շարունակուին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով անհնազանդութեան գործողութիւնները: Այս մասին երէկ՝ Մայիս 18-ին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ հրաւիրուած հանրահաւաքին ըսաւ ԱԺ փոխնախագահ, ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը:

«Այլ տարբերակ չկայ, մենք մեր քայլերով, գործողութիւններով պէտք է մեր  թիւն աւելացնենք, ծաւալը մեծացնենք, եւ հասնենք մեր առաջ դրած նպատակին: Առաւօտեան ամբողջ կազմով միացէք բողոքի ու անհնազանդութեան գործողութիւններին», կոչ ըրաւ Իշխան Սաղաթէլեանը:

Առաւօտեան ժամը 8:00–իցէն անհնազանդութեան գործողութիւնները պիտի մեկնարկեն  Գարեգին Նժդեհի հրապարակին մօտէն, Կոմիտասի Սուրբ Խաչ եկեղեցիէն, Աւանի «Հարսնաքար»ին մօտէն, Նոր Նորք «Մեկա Մոլ»ի դիմաց, Սասունցի Դաւիթ արձանի մօտէն, Հանրապետական հիւանդանոցի այգիէն, Լենինկրատեան-Սեբաստիայ խաչմերուկէն եւ Ֆրանսայի հրապարակէն:

Երեկոյեան ժամը 19:00–ին տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք: