Կայքը գրած է, որ շաբաթներ առաջ զոհերու մասով յստակութիւն մտցուց Միքայէլ Մինասեանը։ Ան տեղեկացուց, որ զոհերու թիւը, որու մասին իշխանութիւնները գիտեն կը կազմէ 4750։ Իշխանութիւններն ի հարկէ փորձեցին հերքել, բայց հետագայ տուեալները կու գան ապացուցելու Մինասեանի պնդումը:
Այս պահուն իշխանութիւնները հրապարակային տեղեկացուցած են 3000-է աւելի զոհի մասին։
Politik.am-ի կառավարութեան աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ այս պահուն ունինք աւելի քան 1400 անհետ կորած, որոնց մեծ մասը զոհուած են, սակայն անոնց մարմինները չեն տեղափոխուած Հայաստան։ Այս պահուն տարբեր դիահերձարաններուն մէջ կայ 700 մարմին, որոնց ինքնութիւնը պարզուած չէ, քանի որ անճանաչելի են։