Լիբանանի Այնճար հայկական գիւղը կը շարունակէ մնալ ուշադրութեան կեդրոն։ Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական բաւականին բարդ պայմաններուն Այնճարը շնորհիւ իր զաւակներու նախանձախնդրութեան եւ աչալրջութեան կը շարունակէ իր երթը։ Եւ այս ծիրին մէջ ալ ուշագրաւ է, որ Այնճարի տեղական մարմինները սկսած են համաոգործակցութիւն առաջ տանիլ միջազգային վարկ ունեցող կազմակերպութիւններու հետ, հոգալու համար գիւղի եւ գիւղացի մեր հայրենակիցներու հիմնաւոր կարիքները ու նաեւ ապահովելու գիւղի առաջընթացն ու կայուն զարգացումը։
Նախաձեռնութեամբ Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան եւ գիւղի «Ոռոգման ջուրի յանձնախումբ»ին օրերս շարք մը ծրագիրներ կեանքի կոչուած են։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Լիբանանի իր աղբիւրներէն, որոնք լրացուցիչ տեղեկութիւններ փոխանցեցին մեր խմբագրութեան։
Եւ այսպէս Այնճարի մշակութային տան մէջ՝ Ուորտ Վիժընի ու Պարէնի համաշխարհային ընկերութեան համագործակցութեամբ բացումը տեղի ունեցաւ՝ խելացի գիւղատնտեսութեան խրախուսման եւ հողագործներուն ու ընկերութիւններուն միջեւ կապի հաստատման, ինչպէս նաեւ աշխատատեղիներու հնարաւորութեան ստեղծման գործունէութեան աշխատանոցին։
Աշխատանոցի բացման ներկայ էր նաեւ Լիբանանի տնտեսութեան եւ առեւտուրի ընդհանուր տնօրէնը՝ Դոկտ. Մոհամմատ Ապու Հայտարը ինչպէս նաեւ հողագործութեան ընդհանուր տնօրէն՝ ճարտարագէտ Լուիս Լահուտը եւ պետական երեսփոխան՝ Իլիաս Ըսթֆէնը։ Նեկայ էին նաեւ քաղաքապետներ ու հոգեւոր այրեր, ինչպէս նաեւ շրջանի տնտեսութան եւ հողագործութեան մարզով զբաղող ներկայացուցիչներ։
Հանդիպման ընթացքին տնտեսութեան եւ առեւտուրի ընդհանուր տնօրէնը՝ Դոկտ. Մոհամմատ Ապու Հայտարը ընդգծեց որ Լիբանանի այդ շրջանը (Պէքա) հարուստ է բերրի հողով եւ անդրադարձաւ, որ պէտք է կարեւրութիւն ընծայելել եւ քաջալերել տեղական արտադրութիւնն ու արդիւնաբերութիւնը, որպէսզի բաւարարարուի շուկան լիբանանեան արտադրութեամբ: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է հողագործին եւ արդիւնաբերողին կողքին կանգնիլ լիբանանեան արտադրութիւնը շուկայավարելու՝ շուկան տարածելու համար: