ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանէն ներս ՀՀ-ն ընդդէմ Ատրպէյճանի գործով լսումներու ժամանակ Հայաստանի շահերը ներկայացնող փրոֆեսոր Փիեռ տ՛Արժանն անդրադարձած է Ատրպէյճանի առաջ քաշած երկրորդ նախնական առարկութեան: Ատոր նպատակն, ըստ տ՛Արժանի, քննարկումէն բացառելն է Հայաստանի առաջ քաշած որոշ պնդումներ, մասնաւորապէս` էթնիք հայերու կամայական ձերբակալութիւններու եւ բռնի անհետացումներու մասին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի այն պահանջները, որոնք կը վերաբերին էթնիք հայերու նկատմամբ իրականացուած տարբեր բռնութիւններուն:
Հայաստանի շահերու պաշտպանը նշած է, որ Ատրպէյճանը երէկ՝ 15 ապրիլին, ընդունած է, որ դատարանի կողմէ դիտարկուող հակամարտութիւնը էթնիք հակամարտութիւն է, այլ ոչ սովորական միջպետական պատերազմ:
«Այս հակամարտութիւնն էթնիք է, քանի որ երեք տասնամեակ Ատրպէյճանը տարածքային ամբողջականութեան պատրուակով կը հրաժարէր ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի՝ իր նախնիներու հողերու վրայ բնակող հայերու ինքնորոշումը: Այս հակամարտութիւնն ունեցած է եւ ունի էթնիք շարժառիթներ եւ խտրական է, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Ատրպէյճանի որոշումը՝ վերջ տալ այդ ինքնորոշման 2020 թուականին ռազմական գործողութիւններու միջոցով եւ 2023 թուականի սեպտեմբերին։
Այն, ինչ Ատրպէյճանն իր նախագահի շուրթերով կ՚անուանէ «ազատագրական պատերազմ» կամ «հայրենական պատերազմ», յանգեցուցած է էթնիք հայերու հիմնարար իրաւունքներու բազմաթիւ խտրական խախտումներու: Աւելին՝ այս պատերազմը յանգեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի լիակատար էթնիք զտման՝ հակառակ դատարանի վճիռներու, որոնք ուղղուած էին համաձայնագրով նախատեսուած իրաւունքներու պաշտպանութեան, որոնք կը գտնուէին լուրջ վտանգի տակ»,-ըսած է տ՛Արժանը: