Իրանի մէջ աւարտած է նախագահական արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցելու համար թեկնածուներու գրանցումը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Tasnim» գործակալութիւնը:
«Ժամը 18:00-ին աւարտած է 14-րդ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար թեկնածուներու գրանցումը, որ սկսած էր մայիս 30-ին: Ընտրական շտաբի մօտ քանի մը թեկնածու կայ, որոնց գրանցումը կը շարունակուի», —ըսուած է գործակալութեան հաղորդագրութեան մէջ:
«Tasnim»-ի տուեալներով՝ գրանցման վերջին օրը յայտ ներկայացուցած է 43 մարդ։ Հինգ օրուան ընթացքին ընտրական շտաբը գրանցած է 80 անձանց, որոնք կ՚ուզեն պայքարել Իրանի նախագահի պաշտօնի համար: