image

Ատրպէյճանը սահմանագօտիի տարբեր ուղղութիւններով կրակած է ՀՀ դիրքերու ուղղութեամբ. ՊՆ

Ատրպէյճանը սահմանագօտիի տարբեր ուղղութիւններով կրակած է ՀՀ դիրքերու ուղղութեամբ. ՊՆ

Ապրիլ 5-ի լոյս 6-ի գիշերը Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները սահմանագօտիի շարք մը ուղղութիւններով տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ փոփոխական աշխուժութեամբ կրակած են ՀՀ ԶՈՒ դիրքերու ուղղութեամբ:

Մասնաւորապէս, կրակ բացուած է ժամը 22:25-22:50-ն ինկած ժամանակահատուածին Սոթքի (Գեղարքունիքի մարզ), 23:15-ին՝ Վերին Շորժայի (Գեղարքունիքի մարզ), 00:15-ին՝ Կութի (Գեղարքունիքի մարզ), 23:15-23:20-ն ինկած ժամանակահատուածին՝ Արավուսի (Սիւնիքի մարզ), ժամը 23:05-23:20-ը՝ Չինարիի (Տաւուշի մարզ), ժամը 00:15-01:20-ը՝ Մովսէսի (Տաւուշի մարզ) հատուածին մէջ տեղակայուած ՀՀ ԶՈՒ դիրքերու ուղղութեամբ, յայտնած են ՀՀ ՊՆ-էն:

Յատկանշական է, որ գիշերուան ընթացքին ատրպէյճանական զինուժի կրակոցներու գերակշիռ մասը եղած է ոչ նպատակային եւ անկանոն:

ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումներն Իշխանասարի ուղղութեամբ ժամը 21:00-23:00-ն ինկած ժամանակահատուածին դիտարկած են նաեւ ատրպէյճանական զինուժի մեքենա-սարքաւորումներու աշխուժ տեղաշարժ։ Ակնյայտ է, որ ատրպէյճանական կողմի նշուած գործողութիւնները ունեցած են սադրիչ նպատակ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու կողմէ համանման հակադարձ գործողութիւններու ձեռնարկման հասնելու նպատակով, վերջին շրջանի ատրպէյճանական ապատեղեկատւութիւնը «հիմնաւորող» փաստեր ստանալու համար:

«Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի ստորաբաժանումները, գնահատելով իրադրութիւնը, հետագայ սրմանը նպաստող գործողութիւններ չեն արել, ինչից յետոյ իրադրութիւնը սահմանագծում հանդարտուել է:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ յայտնում է, որ ատրպէյճանական քարոզչամեքենան նախօրէին կեղծ տեղեկութիւններ է տարածել՝ ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումների իրականացրած պլանային հերթափոխը փորձելով ներկայացնել իբրեւ կուտակումներ առաջնագծում:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան համապատասխան ստորաբաժանումը, իրականացնելով բաց աղբիւրների մշտադիտարկում եւ վերլուծութիւն, արձանագրել է նաեւ, որ վերջին օրերին սոցիալական ցանցերում աճել են ադրբեջանական մամուլից հայկական լրատուադաշտ նետուած ապատեղեկատւութեան տարածման դէպքեր, ուստի մեր հայրենակիցներին յորդորում ենք լինել զգօն, հետեւել պաշտօնական լրահոսին:

Հայաստան-Ադրբեջան սահմանագծի եւ շփման գծի երկայնքով տեղի ունեցողի վերաբերեալ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանրութեանը պատշաճ իրազեկում է եւ շարունակելու է իրազեկել»,- յայտնած են ՊՆ-էն: