image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանին կոչ կ՚ընենք յարգելու մարդու իրաւունքները. ԱՄՆ Արտաքին գործոց

Ատրպէյճանին կոչ կ՚ընենք յարգելու մարդու իրաւունքները. ԱՄՆ Արտաքին գործոց

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ատրպէյճանին կոչ ըրած է յարգելու մարդու իրաւունքներն ու բոլորի հիմնարար ազատութիւնները. այս մասին ըսած է գերատեսչութեան խօսնակ Մեթիւ Միլլըր՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի մէջ  ընդդիմադիր քաղաքական գործչի՝ Թոֆիք Եակուպլուի ձերբակալման:

«Ատրպէյճանի մէջ լրագրողներու, քաղաքացիական հասարակութեան աքթիւիսթներու եւ ընդդիմադիր գործիչներու կալանաւորման վերջին միտումը խորապէս մտահոգիչ է: Ընդամէնը վերջին մէկ ամսուան ընթացքին մէկ տասնեակէ աւելի նման գործիչներ բերման ենթարկուած են: Այդ անընդունելի է, եւ մենք պիտի շարունակենք Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ ընել յարգելու բոլորի մարդու իրաւունքները եւ հիմնարար ազատութիւնները, ներառեալ խօսքի ազատութիւնը կիրառողներու, ինչպէս նաեւ կոչ ընել արագ ազատ արձակելու բոլոր անոնց, որոնք անարդարացիօրէն կալանաւորուած են», -ըսած է Միլլըր: