image

Ընթերցումներս. Սակաւաբանութիւն (10). Գրեց՝ Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Սակաւաբանութիւն (10). Գրեց՝ Արմենակ Եղիայեան

Ընլերցումներս (49)

Անհատական սակաւաբանութիւն (գ)

--Ամբողջ օրը հեռաձայնեցի, սակայն միշտ ալ զբաղած էր:

Ո՞վ կամ ի՞նչը:

            Ամբողջ օրը հեռաձայնեցի, սակայն միշտ ալ զբաղած էր բարեկամս (հետեւաբար  ժամանակ չգտաւ զրուցելու հետս) կամ՝ հեռախօսը (հետեւաբար չկրցայ կապուիլ բարեկամիս հետ):

--Հնագէտը յայտնեց, որ ամրոցը պատմական եզակի նմուշ մըն էր, բայց կը պահանջէր ամբողջ օր մը:

Ո՞վ կամ ի՞նչն է  պահանջողը:

Իր հապճեպին կամ գեղարուեսատական հարբեցումին մէջ այնքան տարուած է տուեալ նմուշով, որ մոռցած է  անուանել անոր վերաբերող պահանջին անունը:

«Հնագէտը յայտնեց, որ ամրոցը եզակի նմուշ մըն էր, որուն  ծանօթացումը կը պահանջէր ամբողջ օր մը»:

--Գեղեցիկ էր ան,  գեղեցիկ ոչ այն տափակ իմաստով, որ շատ անգամ  տղամարդիկ կ’ունենան:

Կ’ունենան ի՞նչ:

Սակաւաբանութեան այնպիսի նմուշ մըն է այս, որ բոլորովին կ’իմաստա-զրկէ խօսքը. մոռցուած է այն ուղիղ խնդիրը, որ իբրեւ յարաբերեալ պէտք է ծառայէր «որ» յարաբերական դերանունին:

Խօսողը  ի մտի ունի «գեղեցկութիւն»  բառը, որ անծանօթ պատճառներով չէ արձանագրուած:

Ուրեմն ան պարտէր իր խօսքը շարադրել հետեւեալ ձեւով.

«Գեղեցիկ էր ան, գեղեցկութեան ոչ այն տափակ իմաստով, որ շատ անգամ կ’ունենան տղամարդիկ:

                                                                *   *   *

Յակոբ Օշական կիրարկած է սակաւաբանութեան բաւական յանդուգն տեսակ մը, որ կը թուի յատուկ ըլլալ իրեն, քանի ուրիշ տեղ չհանդիպեցանք անոր: Այսպէս՝ 

          --Այդ կերպարանքին մերժել իր իրաւութիւնը՝ սոփեստութիւն: Այդ կերպա-րանքը դաւանիլ հայ հոգիի ամբողջութեան պատկեր՝ միամտութիւն» («Հայաս-տանի կոչնակ», 1948, թիւ 24, էջ 587): 

Զեղչուած են հանգոյցները, այսինքն՝ էական բայերը՝ է...է...:

«Սոփեստութիւն է...միամտութիւն է...:

                                                              *   *   *

Ղազարոս Աղայեանի «Տորք Անգեղ»-ին նկարագրութեան մէջ կը գտնենք.

«Ահռելի էր նա եւ անքան ուժեղ,

Որ յիսուն գոմէշ չունէին մէկտեղ»:

Իսկ թէ ճիշտ ի՞նչ էր չունեցածնին,− չէ՛ յիշուած:

Այդ պակսող հասկացութիւնը  ներկայ է անշուշտ  գրողին գիտակցութեան մէջ, եւ հեղինակը լաւատեսօրէն կ’ակնկալէ, որ ընթերցողն ալ իմանայ, թէ ի՛նչ է ան. այս լաւատեսութիւնը իրեն ներշնչողը ուժեղ ածականն է, որուն թելադրութեամբ՝ ընթերցողը ենթադրուած է հասկնալ, գուշակել, որ պակսողը ուժ հասկացութիւնն է: 

Անշուշտ այստեղ կայ մէկ կողմէ սակաւաբանութեան, միւս կողմէ լաւատեսութեան  ինչ-որ չարաշահութիւն մը, որ խրախուսելի չէ. ամէն ընթերցող կրնայ չհասկնալ եւ այպանելի չէ: 

                                                               *   *   *

Սակաւաբանութեան արտասովոր օրինակ մըն է  հետեւեալը. 

--Քարափների կողերին ամեն տեսակ փոքրիկ խեցեմորթիներ տեսանք, բոլորն էլ՝  շատ մանր, որ հաւաքէինք, տուն տանէինք ու դրանց վրայ ժամանակ  ծախսէինք (Ուիլիամ Սարոյեան, «Հայրի՛կ, դու խենթ ես», Երեւան,  2019, էջ 47):

Պարզ է, որ խեցեմորթիները, իրենց ծաւալին պատճառով արհամարհուած են, եւ հեղինակը արժանի չէ գտած հաւաքել ու տուն տանիլ զանոնք. բայց ահա այս իրողութիւնը մատնանշող ոչ մէկ բառ գործածուած է:

Անփորձ ընթերցողը նման շարադրանքի առջեւ կրնայ անճրկիլ, չըմբռնել անոր միտք բանին, այն բոլոր հետեւանքներով, որուն տեղիք կրնայ տալ նման անճրկում մը: 

Որմէ կարելի էր խուսափիլ:  

Թաւագիր կ’աւելցնենք  պակսող հատուածը:

--Քարափների կողերին ամեն տեսակ փոքրիկ խեցեմորթիներ տեսանք, բոլորն էլ՝  շատ մանր, այնքան  մանր,  որ չէր արժի, որ հաւաքէինք, տուն տանէինք ու դրանց վրայ ժամանակ  ծախսէինք:

                                                         *    *    *

Սակաւաբանութեան ուրոյն տեսակ մըն է զեղչումը, երբ խօսողը կը խուսափի ամէն միտքը եկածը ըսելէ՝ ապաւինելով խօսակիցի հասկացողութեան: 

Այդպիսի կացութիւն մը կը պարզէ  Թումանեանի հետեւեալ հատուածը.

Ինչի՞ց է, պապի՛, այսքան ճոխ երկրում,

Ինչպէս ասում ես, դժուար էք ապրում.

Վարձատրութի՞ւն չէք ստանում հողից,

Թէ՞ նեղութիւն է գալիս մի տեղից: 

Մեր նեղութիւնը... քեզ ինչպէ՞ս յայտնեմ.

Թող հաստատ լինի մեր թագաւորը:

Ես ընչի՞ տէր եմ, խօսեմ նրա դէմ, 

Բայց Աստուած կտրի մեր քաշած օրը:

Ինչպէս կը նկատենք, թոռնիկին թուած այլազան պատճառներուն, ուրկէ կրնային յառաջանալ պապիկին կենցաղային  դժուարութըանները, պապիկը  կը 

հակադրէ թագաւորին  անունը.  միւս կողմէ... կը հրաժարի «խօսիլ նրա դէմ»: 



Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com