Մինչ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման համատեղ սահմանային յանձնաժողովի ստեղծումը, Հայաստանը պահանջած է զօրքերը դուրս բերել սահմանամերձ շրջաններէն: Բայց Ադտրպէյճանը դրսեւորած է սկզբունքային դիրքորոշում, եւ զօրքերը մնացին իրենց տեղը:
Սահմանազատման գործընթացը երկար ժամանակ կը պահանջէ: Պայրամով այս մասին լրագրողներուն ըսած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացին վերաբերող հարցին:
«Հաշուի առնելով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու պատմութիւնը` անոր սահմանազատման հասնիլը հեշտ պիտի չըլլայ: Սակայն գործընթացը սկսիլը ինքնին արդէն լաւ քայլ է», յաւելած է Պայրամով:
«Մէկ կէտ նշեմ. մինչ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման համատեղ սահմանային յանձնաժողովի ստեղծումը, Հայաստանը պահանջած է զօրքերը դուրս բերել սահմանամերձ շրջաններէն: Բայց Ադտրպէյճանը դրսեւորած է սկզբունքային դիրքորոշում, եւ զօրքերը մնացին իրենց տեղը», ըսած է Պայրամով:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ սահմանազատման յանձնաժողովի յաջորդ նիստի օրը տակաւին յայտնի չէ:
Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ըսելած էր, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման յանձնաժողովի յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ: