image

Ատրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւններու մասին զեկոյց ԱՄՆ ներկայացուցիչներու պալատին

Ատրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւններու մասին զեկոյց ԱՄՆ ներկայացուցիչներու պալատին

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատն ընդունած է 2023 թուականի պիւտճէական տարուան Ազգային անվտանգութեան յատկացումներու հռչակագիրին ներկայացուած 121-րդ լրացումը, որով կը պահանջուի զեկուցում  ներկայացնել Ատրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւններու վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնէ Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբը:

Լրացման հեղինակներն են քոնկրեսականներ Թոնի Քարտենասնն ու Պրետ Շըրմընը:

121-րդ լրացումը, մասնաւորապէս, արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ պաշտպանութեան նախարարութենէն կը պահանջէ ներկայացնել զեկուցում, որուն մէջ մանրամասն կերպով նկարագրուած ըլլայ թէ արդեօք Հայաստանի եւ Արցախի դէմ 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ կիրառուած թրքական անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ օգտագործուած են ամերիկեան արտադրութեան սարքաւորումներ:

Բացի այդ, զեկուցումին մէջ պէտք է ներկայացուին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սպիտակ ֆոսֆորի, տարանջատուող ռումբերու ու այլ արգիլուած զինատեսակներու կիրառման, պատերազմին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ օտարերկրեայ ահաբեկիչ վարձկաններու ներգրաւման մասին տեղեկութիւններ:

Հայամէտ միւս լրացումները, որոնք ներկայացուած են Ազգային անվտանգութեան յատկացումներու ակտին, քննարկման պիտի դրուին 14 յուլիսին: