Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է Արցախի մէջ տեղային «հակաահաբեկչական միջոցառումներու» մեկնարկի մասին, «սահմանադրական կարգը վերականգնելու նպատակով»։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ կ'օգտագործուին գերճշգրիտ զինատեսակներ։
Ատրպէյճանի ՊՆ-ն մանրամասնած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը եւ թուրք-ռուսական վերահսկիչ կեդրոնի ղեկավարութիւնը տեղեկացուած են ընթացիկ գործողութիւններու մասին: