Ատրպէյճանական բանակի երեք զինծառայող մահացած է ռազմական մեքենայի վթարի հետեւանքով։ Այս մասին յայտնած է APA գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան։
«Սեպտեմբեր 13-ին դժուարանցանելի տեղանքով լեռնային գօտիի մէջ ռազմական փոխադրամիջոցի վթարի հետեւանքով զոհուած են ատրպէյճանական բանակի զինծառայողներ Ալիեւ Թալեհ Սալեհ օղլուն, Հասանով Էլկուն Էլշատ օղլուն եւ Նամազով Նիհատ Քամրետտին օղլուն»,- յայտնած է ատրպէյճանական APA-ն՝ վկայակոչելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։