Ատրպէյճանի մէջ հայ ռազմագերիներ Յարութիւն Եուրիկի Յովակիմեանի եւ Կարէն Աշոտի Ղազարեանի գործով յաջորդ դատական նիստը նշանակուած է 5 յուլիսին, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Հաղորդուած էր, որ Սումկայիթի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ այսօր՝ 3 յուլիսին, մեկնարկած է առեւանգուած երկու հայ զինծառայողներու դատավարութիւնը, յայտնած է ատրպէյճանական Report.az-ը գործակալութիւնը։
Յարութիւն Յովակիմեանին եւ Կարէն Ղազարեանին կեղծ մեղադրանք ներկայացուած է «Ատրպէյճանի պետական սահմանն ապօրինի հատելու», «ահաբեկչութիւն ծրագրելու» համար։
Հայ զինծառայողներու նկատմամբ քրէական գործը յարուցուած էր 26 մայիսին:
Յիշեցնենք, որ զինծառայողներ Յարութիւն Եուրիկի Յովակիմեանը եւ Կարէն Աշոտի Ղազարեանը 26 մայիսին առեւանգուած են ՀՀ ինքիշխան տարածքէն։