Ատրպէյճանի մէջ ՌԴ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը կանչուած է երկրի ԱԳՆ, ուր անոր բողոքի նոթա յանձնած են՝ կապուած երկրի ղեկավարութեան մասին Ռուսաստանի Լիպերալ-դեմոկրատական կուսկացութեան առաջնորդ Վլատիմիր Ժիրինովսքիի յայտարարութեան հետ:
«Հանդիպման ընթացքին մտահոգութիւն եւ բողոք փոխանցուած է՝ ՌԴ Պետական Տումայի պատգամաւորի վիրաւորական յայտարարութեան վերաբերեալ»,- ըսուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ:
Աղբիւրի պարզաբանմամբ՝ խօսքը «Քոմսոմոլսքայա փրավտա» ռատիոյի եթերին քաղաքական գործիչի ունեցած ելոյթի մասին է, երբ անդրադառնալով հայ-ատրպեճանական սահմանին տիրող լարուած իրավիճակին՝ վերջինս ըսած էր. «Ռուսաստանը պէտք է վերադառնայ Ռուսական կայսրութեան եւ ԽՍՀՄ բոլոր տարածքներ: Հարաւային Կովկասը մեր ազդեցութեան գօտին է»:
Որպէսզի ռուս զինուորներու շրջանին այնտեղ զոհեր չգրանցուին, Ժիրինովսքին կոչ ըրած է հրաւիրելու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ ըսել անոր. «Իլհամ, քու հայրդ իմաստուն մարդ էր, այդ իսկ պատճառով, դուն ունիս այն տարածքը, որ կ'ուզես, սակայն ոչ մէկ ռուս զինուորի ոչ ոք իրաւունք ունի նոյնիսկ ծուռ նայելու: Հասկցա՞ր, Իլհամ»:
Այնուհետեւ Ժիրինովսքին աւելցուցած էր, որ «Ատրպէյճանի մէջ բռնապետութիւն է, եւ եթէ Պայտըն ուզէ, Ալիեւը գահընկեց կ'ընեն երկու շաբաթուայ ընթացքին, եւ անոր կրնայ փրկել միայն Ռուսաստանը, ինչպէս փրկեց Փաշինեանին»: