ՀՀ ԱԺ փոխխօսնակ, «Դիմադրութիւն» շարժման անդամ Իշխան Սաղաթէլեանը իրազեկման երթի ժամանակ պատասխանեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովի այն յայտարարութեան, թէ Հայաստանի մէջ բողոքի եւ անհնազանդութեան գործողութիւններուն, հանրահաւաքներուն կը մասնակցին 5-6 հազար մարդ:
Պայրամովը մեղադրած է հայկական ընդդիմութիւնը, թէ անոնք երկիրը անդունդ կը տանին, ու շեշտած է, թէ գրեթէ 30 տարի կեղծ խոստումներ տուած են հայ ժողովուրդին:
Ան վերահաստատեց, որ ներկայիս իշխանութիւնը երկիրը նոր զիջումներու տանելու մանտաթ չունի: Սաղաթէլեանի խօսքով` իրենց պայքարը յանուն Արցախի, յանուն Հայաստանի, յանուն հայրենիքի եւ յանուն վաղուայ ապագայի է:
ԱԺ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեանը նոյնպէս անդրադարձաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեան:
«Եթէ Պաքուի եւ Պայրամովի անունները չլսէի, կը մտածէի` Հայաստանի ներկայիս իշխանութիւններն են նման բաներ ասել: Մենք մշտապէս ասում ենք, որ միակողմանի զիջումների չենք գնալու, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը չենք թողնի, որ խախտուի, չենք թողնի, որ Արցախի ժողովուրդն էլ վտանգուած լինի, Արցախն էլ Ատրպէյճանի կազմում լինի: Պարզ է, որ Պաքուն նման բաներ կ'ասէր, նոյնն էլ մեր իշխանութիւններն են ասում», ըսաւ Վանեցեան:
Ան ընդգծեց, որ կասկած չկայ, որ յաջողութիւնը պիտի ըլլայ Հայաստանինը, Արցախինն ու հայ ժողովուրդինը: