Այլ երկիրներու իրաւաբանական եւ ֆիզիքական անձինք եւ անոնց փոխադրամիջոցները չեն կրնար մուտք գործել «Ատրպէյճանի տարածք» (չակերտները՝ Խմբ.) առանց Ատրպէյճանի Հանրապետութեան համաձայնութեան, եւ նման դէպքերը կը հանդիսանան երկրի օրէնքներու խախտում:
Այս մասին ըսուած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան՝ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Արցախի մէջ խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութեանն ուղարկուած նամակներուն մէջ՝ այլ երկիրներուն պատկանող մեքենաներու Ատրպէյճանի տարածք «անօրինական անցման» (չակերտները՝ Խմբ.) վերաբերեալ, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները:
Նամակներուն մէջ նշուած է, որ նման դէպքերը կը հակասեն 2020 թուականի 10 Նոյեմբերին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահներու եւ Հայաստանի վարչապետի ստորագրած եռակողմ յայտարարութեան, եւ խորհուրդ կը տրուի ատոնք ճնշել: