Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովան ըսած է, որ արտահերթ նախագահական ընտրութիւնները կ՚ամրապնդեն երկրի քաղաքական համակարգը՝ արտաքին սադրանքներուն դիմակայելու համար։
Ինչպէս հաղորդած է Ինթիրֆաքսը, Կաֆարովան ըսած է.
«Արտահերթ նախագահական ընտրութիւնները կ՚ապահովեն քաղաքական համակարգի հետագայ ամրապնդումը, որ կանխուին սադրանքները այն պետութիւններու կողմէ, որոնք չեն կրնար մարսել Ատրպէյճանի յաղթանակը»։
Անոր խօսքով, «արտահերթ ընտրութիւններու կայացումը ընդունուած համաշխարհային փորձ է»։
Դեկտեմբեր 7-ին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ որոշում ստորագրած է, որու համաձայն արտահերթ նախագահական ընտրութիւնները պիտի կայանան 2024 թուականի փետրուար 7-ին։
Վերջին անգամ Ատրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութիւնները կայացած էին 2018 թուականի գարնան։ Ատրպէյճանի նախագահը կ՚ընտրուի 7 տարի ժամկէտով։