image

Ատրպէյճանցիք կը շարունակեն նամակներ գրել Պլինքընին

Ատրպէյճանցիք կը շարունակեն նամակներ գրել Պլինքընին

Որպէս կեղծ օրակարգ ստեղծուած, «արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք» յորջորջուած կազմակերպութիւնը կը շարունակէ կատարելագործուիլ նամակագրութեան ժանրին մէջ եւ նամակ ուղարկած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին՝ «խնդրելով Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Հայաստանէն քշուած ատրպէյճանցիներու հայրենիք խաղաղ, անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձի ապահովման գործին»։

Քանի մը էջի մէջ կը թուարկուին մեղադրանքները Հայաստանի հասցէին՝ թէ՛ «աննախադէպ էթնիք զտումները», թէ՛ «մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը», թէ՛ «մարդու իրաւունքներու խախտումը» եւ այլն, եւ այլն...:

«Ուստի կը խնդրենք Միացեալ Նահանգներէն հետեւողականօրէն պաշտպանել մարդու մեր իրաւունքները՝ նպաստելով Հայաստանէն քշուած ատրպէյճանցիներու հայրենիք խաղաղ, արժանապատիւ եւ անվտանգ վերադարձին՝ համապատասխան քաղաքական նախաձեռնութիւններու եւ անվտանգութեան ոլորտի նախաձեռնութիւններու, ինչպէս նաեւ ընկերային-տնտեսական օգնութեան ծրագրերու միջոցով»,- պահանջած են Պաքուէն։

«Համոզուած ենք, որ Միացեալ Նահանգներու անաչառ եւ համակողմանի ջանքերը պիտի նպաստեն, որ յարգուի Հայաստանէն քշուած ատրպէյճանցիներու՝ իրենց տուներ վերադառնալու իրաւունքը եւ ատով իսկ ապահովուի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ որպէս համամարդկային արժէք, եւ ամուր խաղաղութիւն հաստատուի։

Մենք պատրաստ ենք երկխօսութեան եւ համագործակցութեան Միացեալ Նահանգներու համապատասխան կառոյցներու հետ՝ Հայաստանէն քշուած ատրպէյճանցիներու խաղաղ, անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձի հետ կապուած հարցերով»։

Յիշեցնենք, որ «արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»ի ստեղծման նախաձեռնութիւնը կոչուած է աւանդ ներդնելու Հայաստանի հանդէպ տարածքային պահանջներու ընդարձակ ծրագրին մէջ։