image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանցիք կրակ բացած են հայկական բանակին պատկանող կառքի մը վրայ. Տուժածներ չկան

Ատրպէյճանցիք կրակ բացած են հայկական բանակին պատկանող կառքի մը վրայ. Տուժածներ չկան

15 Հոկտեմբերին, ժամը 09։00-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են Արցախի Հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանման պատկանող կառքի ուղղութեամբ։ Հայկական կողմէն տուժածներ չկան։

Դէպքին վերաբերեալ տեղեկացուած է Արցախի Հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը։

Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ հրադադարի պահպանման եւ կոչ կ'ընէ ատրպէյճանական կողմին նոյնպէս ձեռնպահ մնալու իրադրութիւնը ապակայունացնող գործողութիւններէ: