Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար JAMnews-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ Ղարաբաղի հայերու եւ ատրպէյճանցիներու՝ Հայաստան վերադարձի հարցերը բոլորովին տարբեր են, որոնք չեն կրնար մէկ հարթութեան վրայ դրուիլ:
«Երբեմն այս պարունակին մէջ (տեղահանուած արցախցիներու վերադարձի – խմբ․) կը բարձրացուին այլ հարցեր, ինչպիսին է այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» հարցը: Ինծծի համար ատոնք բոլորովին տարբեր հարցեր են, որոնք չեն կրնար մէկ հարթութեան վրայ դրուիլ: Առաջինը ղարաբաղցի հայերու՝ իրենց նախնիներու հայրենիք վերադարձին մղուած աջակցութիւնն է, որ Ատրպէյճանի պարտաւորութիւնն է: Երկրորդը Ատրպէյճանի այլ մասերու մէջ, այդ շարքին՝ Պաքուի մէջ ապրած հայերու, կամ Հայաստանի մէջ ապրած ատրպէյճանցիներու հարցն է:
Բնականաբար, անոնք նոյնպէս պէտք է կարենան այցելել այն վայրերը, ուր իրենք կամ իրենց ընտանիքներն ապրած են, կամ նոյնիսկ վերադառնալ այնտեղ ապրելու, եթէ ուզեն, եւ սա նոյնպէս պէտք է ըլլայ կարգաւորման հետեւանք, բայց այդ լիովին այլ հարց է, քան Ղարաբաղի հայերու խնդիրը»,-ըսած է Քլաար։