ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ Յունուար 27-ին ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ՝ ապատեղեկատուութիւն է։
Իրականութեան մէջ, Յունուար 27-ին, ժամը 22։00-ի սահմաններուն, սահմանի նշուած հատուածին մէջ, մի քանի անկանոն կրակահերթ արձակուած է ատրպէյճանական կողմէ, որոնց հայկական ստորաբաժանումները չեն պատասխանած։